ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Վոսփորի արեւելեան ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը կը շէննայ այս Ս. Պատարագներու մատուցմամբ։ Երէկուան երգեցողութիւնները գլխաւորեց Նշան Սրկ. Չալկըճեան։ Արարողութիւններուն մասնակցեցան Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան (Գանատա), Անդրանիկ Տուփինեան, Եփրեմ Միհրանեան, Ասատուր Իչլինալչա, Գէորգ Թիւյսիւզեան, Կարպիս Տէրտէրեան, Հաճը Եըլմազ, Մարտիրոս Մարտիկեան եւ Շահին Քալայ։ Բազմաթիւ թաղերէ փութացած հաւատացեալներ ունկնդրեցին Տէր Հօր խրատականին եւ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։
Յաւարտ կրօնական արարողութեան եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Տէր Հայրը եւ բոլոր հաւատացեալները։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած բացօթեայ սեղաններուն շուրջ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024