ՓԱՅԼԱՆԷՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան հարցը։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը այս առթիւ բողոք յայտնեց, թէ 18 յունիս 2022 թուականին հրապարակուած կանոնադրութիւնը յուսախաբութեան պատճառ դարձած է։ Նոր կանոնադրութիւնը հրապարակուած է առանց փոքրամասնութիւններուն հետ խորհրդակցելու։ Ընդդիմադիր երեսփոխանի համոզմամբ, դժբախտաբար, նոր կանոնադրութիւնը ո՛չ միայն առկայ խնդիրները չէ լուծած, այլեւ նորերու դուռ բացած է։
Կարօ Փայլան խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուց հարցապնդման առաջարկ մը՝ ուղղեալ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններով Կարօ Փայլան գործադիր իշխանութեան պատկան ներկայացուցիչին պատասխանը պահանջած է իր հարցումներուն համար։
Երեսփոխան Փայլան մասնաւորապէս անդրադարձած է նոր կանոնադրութեամբ հաստատուած շրջանային դրութեան։ Թէեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրաշրջաններու սահմանումներուն համապատասխանեցուած են փոքրամասնութիւններու նոր՝ շրջանային ընտրական դրութեան սահմանումները, սակայն ան այս ուղղութեամբ ունի դիտարկումներ։ Այսպէս, Փայլան կը քննադատէ, որ նօսրացած բնակչութեամբ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու վաքըֆներուն համար այս նոր կացութիւնը խոչընդոտներ կը ստեղծէ՝ վարչայիններու թեկնածուներ ունենալու առումով։
Երեսփոխան Փայլան առարկութիւններով հանդէս եկած է նաեւ փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներու պարագային կանոնադրութիւնով սահմանուած բացառութիւններուն դէմ։ Ան յիշեցուցած է, որ հիւանդանոցներու վաքըֆները Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ դարձուելով կը դատապարտուին անորոշութեան։ Նոր կանոնադրութեան մէջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերապահուած իրաւասութիւններուն դէմ ալ կարծիք յայտնած է ընդդիմադիր երեսփոխանը՝ շեշտելով, որ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները այս բոլորը խոտոր կը համեմատեն Լոզանի դաշնագրին։
Հարցադրումներու շարքին Կարօ Փայլան մատնանշած էր, որ նոր կանոնադրութեան պարագային համայնքներու առանձնայատկութիւնները նկատի չեն առնուած։ Երեսփոխանական ընտրութիւններու պարագային թեկնածուները պարտաւոր չեն իրենց պատկանած ընտրաշրջանէն ըլլալու, մինչդեռ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան պարագային կը պահանջուի, որ թեկնածուները նոյն ընտրաշրջանի բնակիչը ըլլան։ Ընտրական մարմիններու տուեալ մատակարար մարմիններու կողմէ կազմուիլն ալ, ըստ Կարօ Փայլանի, ընտրութիւններու ժողովրդավարութեան տեսակէտէ խնդրայարոյց պարագայ մըն է։
Հուսկ, ընդդիմադիր երեսփոխանը ունի այն դիտարկումը, թէ փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներու Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ դարձուիլը կու գայ պառակտել համայնքային վաքըֆները։ «Միթէ դպրոց ունեցող վաքըֆներն ալ ապագային Ազգային կրթութեան նախարարութեա՞ն պիտի կցէք», հարց տուած է Կարօ Փայլան։