ՇԱՀԻՆ ՉԸՆԱՐ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Շահին Չընար, որ նոյն կրթօճախի երկարամեայ տնօրէնն է։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչն էր հոգելոյս Կարապետ Մխալեան, որու մահէն վերջ ներկայիս իրեն կը յաջորդէ Շահին Չընար։

Նորանշանակ հիմնադրի ներկայացուցիչ Շահին Չընար ծնած է Իսթանպուլ։ Գարակէօզեանի եւ Դպրեվանքի մէջ ուսանելէ վերջ աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Փիլիսոփայութեան ճիւղը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ ուսուցչագործելէ վերջ տնօրէնի պաշտօն վարած է՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի եւ Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Տասներկու տարիէ ի վեր ալ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տնօրէնն է։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020