Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Գնալը կղզիի մէջ, հոգելոյս մարզիկ Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Աւարտական փուլը խանդավառ մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Արդիւնքին ախոյեան հռչակուեցաւ «Գառնի» խումբը, որուն յաջորդեցին «Սեւան» եւ «Արարատ»։
Դափնեկիրներու պարգեւատրման խանդավառ փուլէն վերջ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ այլ պատասխանատուներ, նաեւ նախկին մարզիկներ ջերմօրէն շրջապատեցին հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի այրին՝ Ովսաննա Գալէնտէրը, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։
Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021