ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ղալաթիոյ խնամակալները Գումգաբու այցելեցին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած սիրոյ սեղանին ընդառաջ, որ տեղի պիտի ունենայ 21 հոկտեմբերին։ Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետն է Հայկ Ասլանեան։ Խնամակալները խնդրեցին, որ նորին սրբազնութիւնը նախագահէ այդ օրուան արարողութիւններուն։ Խնամակալները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ Տոլափտերէի տարածքին ու անոր արժեւորման հնարաւորութիւններուն, վարժարանի աշակերտութեան եւ պիւտճէի մասին։ Կեդրոնականը այս տարի ունի 226 աշակերտ։

Ընդհանուր փոխանորդը ուրախութիւն յայտնեց խնամակալներու այցելութեան համար, գնահատեց Կեդրոնականի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018