ԿԱՏԱՐԵԱԼՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներկայիս դարձեալ կը հասնին ողջունելի լուրեր։ Կատարեալութեան գագաթնակէտին հասած գթութեան յարկը երկար ժամանակէ ի վեր վերելքի ճամբան բռնած է, ինչ որ կ՚ենթադրէ տեւական ու վերանորոգ գործընթաց մը։ Թէ՛ արդի թեքնիք սարքաւորումներով եւ թէ ֆիզիքական նախանձելի պայմաններով Ազգային հիւանդանոցը որակի եւ մակարդակի կոթող մը դարձած է։ Սա մէկ կողմէ առողջապահական ծառայութիւններ մատուցելու տեսակէտէ շատ դրական է, իսկ միւս կողմէ իսկապէս մեր համայնքին պատիւ կը բերէ։ Ընդհանրացած բանաձեւումով, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թրքահայութեան այցէքարտն է, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժը, որու ապահոված կենսունակութիւնը մեր ամբողջ համայնքային հաստատութիւններուն աշխուժութիւնը կը պայմանաւորէ ուղղակիօրէն։

Անշուշտ, հիւանդանոցի այսօր հասած գագաթնակէտին մէջ անուրանալի դեր մը ունի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութիւնը, որ գթութեան յարկին առագաստը բացած է դէպի յաւակնոտ հորիզոններ եւ այդ ճանապարհին վրայ մի առ մի կեանքի կը կոչուին ծրագիրներ, որոնք նպատակասլաց մտայնութենէ ծնունդ կ՚առնեն։ Ազգային հիւանդանոցի այս փառահեղ ընթացքը կը բարձրացնէ նաեւ անոր ձգողականութիւնը եւ լայն զօրակցութիւն կ՚ապահովէ հոգաբարձութեան տեսլականին։ Այս հանգամանքը բոլորովին վերջերս ունեցած է շարունակութիւն մը՝ քանի ազգային երախտաշատ բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը աստղաբաշխային նուիրատուութիւնով մը եկած է զօրակցիլ գթութեան յարկի բարեյաջող երթին, որպէսզի ան ամրապնդուի իր առաքելութեան ճանապարհին։

Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ Համբարձման տօնին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը միայն կրօնական հանդիսութիւններով նշուած էր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները յետաձգուած էին, որովհետեւ հիւանդանոցի համալիրէն ներս լայնածաւալ շինարարութեան կամ վերանորոգութեան աշխատանքներ կը տարուէին։ Ներկայիս արդէն այդ բոլորը հասած է իր աւարտին եւ յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Սա իսկապէս տօնի մը համազօր նշանակութիւն ունի մեր համայնքին տեսակէտէ, որովհետեւ հիւանդանոցի համալիրէն ներս իւրաքանչիւր ձեռքբերում կը նկատուի թրքահայութեան տեսակէտէ ընդհանուր նուաճում մը։

Յառաջիկայ շաբթուան մէջ հիւանդանոցի համալիրէն ներս պաշտօնապէս պիտի բացուին զանազան բաժանմունքներ կամ խորհրդանշական անկիւններ, որոնց շինարարութիւնը միջոցէ մը ի վեր արդէն կ՚ընթանար։ Բոլոր անոնք, որոնք հիւանդանոց կ՚այցելէին, արդէն հիացումով ու գնահատանքով ականատեսը կը դառնային տարուած աշխատանքներու արդիւնքին, իսկ այժմ այդ բոլորը պաշտօնապէս պիտի արձանագրուին պատմութեան էջերուն մէջ՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ նախատեսուած բացման արարողութեամբ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ գործակից ընկերներուն մտայղացումները իսկապէս կը փոխեն հիւանդանոցի դիմագիծն ու գործունէութեան հունը։ Մէկ կողմէ համալիրը պատմական տեսքին կը վերադառնայ՝ պատկառանք ազդելով բոլոր այցելուներուն ու շողալով փառաւոր տեսքին մէջ, իսկ միւս կողմէ այնտեղ մատուցուած բազմակողմանի ծառայութիւնները կը համապատասխանեն ժամանակակից բոլոր չափանիշներուն։ Այս ամբողջին մէջ, վերջին շրջանին կեանքի կոչուած նախագիծերու շարքին կ՚առանձնանայ «Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան» հանգստեան տունը։ Ծանօթ է արդէն, որ համանուն բաժին մը վաղուց գոյութիւն ունէր հիւանդանոցի համալիրէն ներս, սակայն ընդարձակ տարածքի արդիւնաւէտ արժեւորման որոնումներուն մէջ կարգ մը բաժիններ վերջին տարիներուն քանդուեցան ու վերակառուցուեցան նորերը։ Երկանեան ամոլն ալ այս ընթացքը խրախուսելով յանձն առած է վերանորոգել իր անունով հաստատուած հանգստեան տունը, որ մնայուն բնակիչներու կեանքի որակին նշաձողը իսկապէս պիտի բարձրացնէ, որովհետեւ ամէն տեսակէտէ յագեցած բաժանմունք մըն է։ Ի տարբերութիւն անցեալի վիճակէն, այժմ այս բաժանմունքի յարած տարածքը հոյակապ յարդարուած պարտէզի մը վերածուած է եւ այս նոր բաժանմունքը իսկապէս թրքահայ տարեգրութեանց մէջ պիտի յաւերժացնէ Երկանեան ամոլին անունը՝ մեր հաւաքական կեանքին բերուած անգնահատելի ներդրումներով եւ մատուցուած ծառայութիւններով։

«Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան» հանգստատան առընթեր, յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած ձեռնարկի ընթացքին պաշտօնապէս պիտի բացուի նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադիր հոգելոյս Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի արձանը, որ եղած է երախտաշատ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի ձեռակերտը։ Պէզճեան ամիրայի յուշարձանը կանգնեցնելու առընթեր, հոգաբարձութիւնը հիւանդանոցի համանուն մասնաբաժինն ալ ամբողջութեամբ վերանորոգած է եւ անոնք արդէն զիրար կը լրացնեն։ Բաց աստի, բացման հանդիսութեան ընթացքին պիտի ներկայացուին՝ ակնաբուժարանի նոր մասնաշէնքը, «Կոմիտաս» ժողովասրահը, նոր ճաշարանը, մարզասրահը, ինչպէս նաեւ հոգեբուժարանի բաժնի յաւելեալ սենեակները։

Ուրեմն, համայնքային շրջանակները ջերմօրէն կ՚ողջունեն այս բոլոր ձեռքբերումները եւ այժմէն սկսած են շնորհաւորել թէ՛ բարերար Երկանեան ամոլը եւ թէ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութիւնը, որոնց համագործակցութիւնը եկած է նոր անկիւնադարձ մը բնորոշել Ազգային հիւանդանոցի յաւերժական ճանապարհորդութեան ուղիին վրայ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022