ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Պաքըրգիւղի աւանդական սիրոյ սեղանը այս տարի նախատեսուած է 10 նոյեմբերին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները Գումգաբու այցելեցին տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ։ Թաղականները թէ՛ արարողութիւններուն նախագահելու հրաւիրեցին նորին սրբազնութիւնը եւ թէ զրոյցի տեւողութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի կացութեան շուրջ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Ան Պաքըրգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքներ յղեց անոնց՝ ծառայութեան ճանապարհին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019