ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ԴԱՐՁԵԱԼ ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ
Երբ առողջութեան վատ պայմաններու բերմամբ միջոց մը հեռու մնալու պարտաւորուեցանք ակամայ, մէկ բան մեր միտքը կը զբաղեցնէր. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեա՞լ եւ այո՛, հիմա երբ ԺԱՄԱՆԱԿ դարձեալ է, ապա ուրեմն կը մնայ մեզի ըսել. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մի՛շտ։
Ամէն տարի երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը տարիներու վրայ տարի կը բարդէ, չեմ յիշեր քանիերորդ տարիէ ի վեր կը ջանամ անգին ժառանգ մը, անգնահատելի կտակ մը եւ ընտանեկան սուրբ աւանդ մը շարունակել՝ յիշել հինը, ապրիլ ներկան եւ յուսադրուիլ ապագայով։ Եւ դարձեալ, երբ խօսքը կամ գիրը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ ընդհանրապէս, ընդհանուր մամուլի մասին է, մեծ ոգեւորութեամբ կը յիշեմ, կը վերյիշատակեմ Վիքթոր Հիւկոյի սա անմոռանալի եւ տպաւորիչ խօսքը, թէ մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է եւ ո՛ւր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը։ Խօսք մը, որ յստակ կերպով կ՚արտայայտէ մամուլին կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, քանի որ լոյսը կենսատու եւ անհրաժեշտ տարրն է մարդկային կեանքին եւ առանց լոյսի կեանք գոյութիւն չ՚ունենար։
Յետոյ Վ. Հիւկոյի այս խօսքը բացայայտ ապացոյց մը, փա՛ստ մըն է այն ճշմարտութեան համար, թէ ամէն հոգեւորական մտաւորակա՛ն է միանգամայն եւ փոխադարձաբար՝ ամէն մտաւորականն ալ հոգեւորական՝ իրենց ամենալայն նշանակութեամբ։ Թէ ուրկէ՞ այս հետեւութիւնը։ Քանի որ մամուլը լոյսն է աշխարհին եւ որովհետեւ լոյսին ակը եւ աղբիւրը Ինք՝ Աստուած լոյս է, ուրեմն այդ կէտին կը միանան, կը համակերպին մտաւորը եւ հոգեւորը։
Եւ դարձեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը…
ԺԱՄԱՆԱԿ-ին աւանդական բովանդակութիւնը եղած է միշտ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հոգեւորական։ Հոն թէ՛ անցեալին չեն պակսած քաղաքական նիւթեր, յօդուածներ, բայց միշտ եղած են նաեւ հոգեւոր, բարոյական գրութիւններ։ Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ հաշտուած են աշխարհայինը եւ հոգեւորը եւ ի՜նչ ներդաշնակութիւն, ի՜նչ մտերմութիւն, որ օրինակ են եղած իր յարգարժան ընթերցողներուն…
Արդարեւ, ԺԱՄԱՆԱԿ ունեցած է իր էջերուն մէջ շատ անուանի եւ կարող աշխարհական գրիչներ, նաեւ ամէն աստիճանի հոգեւորականներ։
Ընդհանրապէս, մամուլին պարտականութիւններէն մին եւ կարեւորագոյնն է ժողովուրդի զանազան խաւերու մէջ խտրութիւն չդնել, հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալ, անաչառ ըլլալ, մարդկային արժանապատուութիւնը յարգել, նախադասել «մարդ»ը եւ այն ինչ որ կը պատկանի մարդկութեան։ Եւ այս իմաստով, մամուլը կամաւոր արդար դատաւոր մը, խղճամիտ հաշտարար մը եւ ուղղամիտ իրաւարար մը եղած է միշտ, երբ իր պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը չէ պակսած իրմէ։
Եւ ահաւասի՛կ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր անցեալով պատշաճօրէն կատարած է մամուլի պարտականութիւնը եւ կը շարունակէ ներկայիս կատարել զայն՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր աւանդական սկզբունքներուն, համոզումներուն եւ հաւատալիքներուն։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարաւոր հսկայ կաղնի մըն է, որուն ի՜նչ արժէքներ, ի՜նչ մտքի մշակներ, մամլոյ նուիրեալ աշխատաւորներ սնունդ տալով մշակած եւ հետզհետէ աւելի զօրացուցած են անոր արմատները։ Եւ երբ արմատը զօրաւոր է, ո՛չ մէկ մտահոգութիւն, այդ «ծառ»ը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ տապալել…
Ահաւասի՛կ, այս անշեղ համոզումով է, որ այս տրուպ գրիչը ըսաւ. «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեալ եւ մի՛շտ»։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեալ եւ մի՛շտ», որովհետեւ այս գրիչը, որ կը շարժի, աւանդապահ է (բայց ոչ երբե՛ք աւանդապաշտ…) իր անցեալին նկատմամբ, իր մեծ հօր Արտաշէս Գալփաքճեանէ, մեծ մօրեղբօր Սիմոն Չէօմլէքճեանէ եւ հօր Գրիգոր Գալփաքճեանէ ժառանգուած անգին, անգնահատելի՜ ժառանգի մը, որոնք ուժ եւ կարողութիւն տուին ըսելու եւ գործադրելու. «ԺԱՄԱՆԱԿ դարձեալ, ԺԱՄԱՆԱԿ մի՛շտ»։
Արդարեւ, մամուլը ընդհանրապէս, որքան «լոյս», նաեւ «շունչ» է ընկերութեան։
Լոյսին չափ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է շունչը, որ է «հոգի»ն կենդանութեան։ Լոյսը որպէսզի կարենայ իր գոյութիւնը ապահովել եւ տեւականացնել, կը կարօտի շունչի, հոգիի։ Եւ այդ «հոգին», այդ շունչը դո՛ւք էք սիրելի՜ հաւատարիմ ընթերցող բարեկամներ։ Գիտէ՞ք, ի՜նչ մեծ ծառայութիւն կ՚ընէք թղթատելով մամուլի էջերը ե՛ւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը. այսպէսով անշէջ կը պահէք «լոյս»ը՝ մամլոյ լոյսը, որ Նախախնամութեան հոգածութեան առարկայ է։ Արդարեւ, մամուլը, ընդհանրապէս, միակողմանի կազմութիւն մը չէ՛. չի բաղկանար միայն իր վարիչներէն եւ աշխատակիցներէն, ան նաեւ իր ընթերցողներով ամբողջ մը կը կազմէ եւ այն մամուլը, որ զրկուած է ընթերցող եւ հետեւորդներէ՝ դատապարտուած է անհետանալո՛ւ։
Ընթերցող եւ հետեւորդէ զրկուած մամուլ մը, թերթ մը ի վերջոյ ոչնչանալու դատապարտուած է, քանի որ ընթերցող կամ հետեւորդ, անոր շունչն է եւ հոգին։ Եւ առանց շունչի ո՛չ մէկ էակ կրնայ ապրիլ եւ գոյատեւել։ Խորհինք դասատու մը, ուսուցիչ մը, որ աշակերտ չունի, ուսանողը կը պակսի, այլապէս իր ուսուցչի հանգամանքը ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ պիտի յայտնէ։ Եւ դարձեալ, առանց հիւանդի հիւանդանոց մը որո՞ւ պիտի ծառայէ, հացագործը եթէ յաճախորդ չունի, որո՞ւ համար հաց պիտի պատրաստէ… Կարելի՞ է խորհիլ առանց գնորդի վաճառական։
Ուրեմն, նիւթական կամ մտաւոր ամէն ծառայութիւն, այդ ծառայութիւնը ընդունող մարդկային անձերու կը կարօտի եւ մամուլի համար ալ այդ անձերը ընթերցող եւ հետեւորդներն են։
Դո՛ւք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, դուք մամուլի գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին կենսական դեր կատարողներ էք, անհրաժեշտ տարրեր եւ անփոխարինելի մասնակիցներ մամուլի առաքելութեան։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները կ՚իրականանան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարաւո՜ր կեանքին մէջ։ Ան թէ՛ իր ամուր եւ հաստատ կառոյցով, թէ՛ իր սկզբունքներով եւ թէ իր հաւատարիմ գնահատելի ընթերցողներով կրցած է պահել եւ տեւականացնել իր գոյութիւնը։ Եւ ասիկա ապացոյց մը չէ՞ այն իրականութեան, թէ մամուլը ամբողջ մըն է իր եւ իր հետեւորդներուն, ընթերցողներուն հետ։
ԺԱՄԱՆԱԿ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակէ անշեղ իր սկզբունքներով՝ գիծով, որ արդէն գծուած եւ ծրագրուած է իր նախնիներուն կողմէ։ Հաստատութիւններ կ՚ապրին այնքան ատեն, որ անշեղ կը մնան իրենց աւանդուած արժէքներուն, լաւ եւ շահաբեր կ՚օգտագործեն զանոնք։ Եւ այս պատճառով է, որ առանց ընդհատման ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը շարունակէ իր ճամբան ապահով եւ անվտանգ։
Ո՛ւր որ կայ մտքի եւ հոգիի ներդաշնակութիւն եւ համաձայնութիւն, հոն կը տիրէ խաղաղութիւն։
Բայց, բոլոր այս ուրախառիթ երեւոյթներով, դժբախտաբար պէտք է տեսնել եւ ըսել իրականութիւնը, թէ հայ մամուլի նկատմամբ, ընդհանրապէս, հետզհետէ կը նուազի հետաքրքրութիւնը, հոգածութիւնը եւ անտարբերութեան սեւ ամպեր կը պատեն զայն։ Հայը խորթացեր է կարծես հայ մամուլին նկատմամբ։ Կան, անշուշտ, ոմանք, որոնք դեռ կը պայքարին ի խնդիր անոր պաշտպանութեան, պահպանութեան եւ կենսունակութեան։ Ոմանք այլեւս յուսահատեր եւ յուսալքուեր են արդէն։ Ուրիշներ անտարբերութեան ջլատիչ ազդեցութեան տակ՝ դարձեր են անհաղորդ եւ անշահախնդիր։ Եւ ասիկա յիշել եւ ըսել որքան ցաւ կը պատճառէ մեզի։ Անձամբ վկայած ենք հայ մարդիկ, քաղաքիս մէջ եւ ո՛չ ուրիշ տեղ, զարմանքով հարցուցած են. «Հայերէն թերթ կա՞յ եղեր, մենք նոր կը լսենք…»։ Ասիկա երբեք չափազանցութիւն մը կամ երեւակայական դէպք մը չէ՛, քանի որ կենդանի վկան եղած ենք։ Քաղաքիս մէջ եւ թէ կեդրոն մը բնակիլ, հայ կոչուիլ եւ հայերէն թերթ հրատարակուիլը դեռ նոր գիտնալ… ի՞նչ ըսենք, անհաւատալի բայց իրա՛ւ։
Ահաւասիկ, այս զգացումներով եւ այս մտածումներով անգամ մը եւս կ՚ողջունենք մեր սիրելի եւ աւանդական արժէքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, այո՛, իսկապէս «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեալ եւ մի՛շտ ԺԱՄԱՆԱԿ»։
Սիրելի՜ներ, յարգը եւ արժէքը գիտնանք մեր աւանդներուն, որոնց կարգին է դարաւո՜ր ԺԱՄԱՆԱԿը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 23 2022, Իսթանպուլ