ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գալ­ֆաեան տան մէջ վեր­ջերս հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Օ­րուան յայ­տագ­րին շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով, զորսձօ­նե­ցին ի­րենց ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րուն։ Ա­նոնք ի­րենց յա­ջո­ղու­թեամբ ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րու գնա­հա­տան­քին։

Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Գալ­ֆաեան տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներ եւ ծնող­ներ։

Նոյն օ­րը դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մին հա­մար սար­քուե­ցաւ նաեւ ճա­շա­սե­ղան մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015