ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին կեդ­րո­նա­ցած էր Պա­քըր­գիւ­ղի վրայ։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Թա­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նկատ­մամբ՝ որ­պէս­զի իր նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուի ա­մուր հիմ­քե­րու վրայ, բարձր ո­րա­կով եւ հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով այս հաս­տա­տու­թեան աշ­խա­տան­քը ար­գա­սա­ւո­րուի նոր սե­րունդ­ներ հասց­նե­լու ճա­նա­պար­հին։ Դպրո­ցի պիւտ­ճէն թէեւ դժբախ­տա­բար վերջ­նա­կա­նօ­րէն չհա­ւա­սա­րակշ­ռուե­ցաւ, սա­կայն գո­նէ թթխմոր մը գո­յա­ցաւ հրա­տապ կա­րիք­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման հա­մար։ Այս պա­հու դրու­թեամբ այժ­մէա­կան կը մնայ նաեւ վար­ժա­րա­նի նախ­կին շէն­քը վար­ձու տա­լու ծրա­գի­րը։ Այդ պա­րա­գա­յին թա­ղա­յին խոր­հուր­դին առ­ջեւ պի­տի ու­րուագ­ծուի նիւ­թա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու հո­րի­զո­նը։ Ե­րէ­կուան սի­րոյ սե­ղա­նի մաս­նա­կից­նե­րէն մին էր Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, որ դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ կա­տա­րուած յա­մառ գոր­ծին շուրջ, զայն նկա­տեց օ­րի­նա­կե­լի ու խոս­տա­ցաւ յա­ռա­ջի­կա­յին եւս նե­ցուկ կանգ­նիլ հնա­րա­ւո­րինս։

Ե­րէկ, ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ Պա­քըր­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին դար­ձաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ա­րամ Սրկ. Պա­րո­նեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ Հրաչ Ճիզ­մէ­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ Ա­ւե­տիս Էօզ­տե­մի­րի եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ կա­տա­րուե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դու­ե­ցան Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րը, ո­րու մար­զաս­րա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղա­ն։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էր Հայր Սուր­բը։ Ներ­կայ էին Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, թա­ղե­ցի­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­մի­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Հրապարակուեցաւ Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանի կողմէ ուղարկուած հեռագիրը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Նա­թա­լի Զէ­քիեա­նի։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­հա­նուր ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ։ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի հա­մայն­քէն ներս զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ի­րե­րօգ­նու­թեան մա­կար­դա­կը բարձ­րա­նայ եւ Տա­տեան վար­ժա­րանն ալ ստա­նայ ի­րեն վի­ճա­կե­լիք բա­ժի­նը։

Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը վե­րա­նո­րո­գէ իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը այն բա­րե­րար­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր հա­մա­լի­րի կա­ռուց­ման։ Ցու­ցադ­րուե­ցան բաց­ման հան­դի­սու­թեան եւ բա­րե­րար­նե­րու մե­ծար­ման տե­սագ­րու­թիւն­նե­րը։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ հան­դէս ե­կան Տա­տեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, խմբերգ­նե­րով ու պա­րե­րով ար­ժա­նա­ցան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Ար­տա­սա­նող ա­շա­կերտ­ներն էին՝ Նա­յի­րա Էվ­լիք, Տե­սիլ Թո­րիք, Մա­նէ Մաղ­տէն եւ Ար­տէն Էօրս։ Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը խմբերգ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Պա­րե­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած էր Նա­րօտ Կիւ­լէչ։

Քա­ռա­սուն Ման­կանց երգ­չա­խումբն ալ հան­դէս ե­կաւ Հրանդ Ճիզ­մէ­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ՝ խան­դա­վա­ռե­լով մթնո­լոր­տը։

Քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու հրա­ւի­րուե­ցաւ ե­լոյ­թի, որ­մէ վերջ հուսկ բան­քը ար­տա­սա­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ մեր հա­մայն­քի բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը դժուա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն նիւ­թա­կան ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով։ Մինչ­դեռ, ե­թէ մեր ազ­գա­պատ­կան կա­լուած­նե­րը լաւ ար­ժե­ւո­րուին եւ հա­մայն­քի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը բարձ­րա­նայ, ա­պա այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րը միան­գա­մայն պի­տի դառ­նան յաղ­թա­հա­րե­լի։

Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ ա­ղօթ­քով։

            

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016