INTERCONTINENTAL-Ի ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին ճաշ­կե­րոյթ մը սար­քուե­ցաւ Թաք­սի­մի INTERCONTINENTAL պան­դո­կին մէջ։ Ե­րե­կոյ­թը պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ Իս­թա­նու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու մօտ պաշ­տօն ու­նե­ցող մեր հա­մայն­քի ան­դամ­ներն ալ հրա­ւի­րուած էին այս ե­րե­կոյ­թին։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն եւ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն բա­զում ծա­նօթ դէմ­քեր ներ­կայ գտնուե­ցան այս ե­րե­կոյ­թին։ Յայ­տագ­րին շրջագծով ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան շարք մը գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք այս յի­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին դպրո­ցին։ Ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նին մէջ հան­դէս ե­կան նաեւ Պար­թեւ Կա­րեան եւ Մա­րալ Ա­թա­ման։ Ծա­փող­ջոյններու ներքեւ հատուեցաւ յոբելեանի կար­կան­դակը։

Բո­լոր ներ­կա­նե­րը յա­րա­տե­ւու­թիւն ու նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­ցին Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին հա­մար, տնօրէնուհիներ Թալին Մաթոսօղլուի եւ Ժանէթ Ներկիզի անձին մէջ։

  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016