ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ այս տարուան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 դեկտեմբերին։ Թաղականները նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու օրուան արարողութիւններուն։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները տեղեկութիւն փոխանցեցին իրենց ծաւալած աշխատանքին, զանազան ծրագրերուն եւ ելմտական հարցերու շուրջ։

Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ թաղականներուն փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած վերոյիշեալ տեղեկութիւններուն առընթեր նշենք, թէ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը վերջերս պետութենէն որպէս սեփականութեան իրաւունքի հատուցում ստացած է լուրջ գումար մը։ Թաղային խորհուրդը այս կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցած է միայն մամուլէն որոշ լրատուամիջոցներու։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019