ՅԱՐԱՏԵՒ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔ

Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի վերաբերեալ ձեռնարկ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ կազմակերպուած երեկոյթը եկաւ հերթական անգամ ապացուցանել, որ Կոմիտաս յարատեւ ներշնչանքի աղբիւր է եւ իր թողած ժառանգութիւնը նորովի թռիչքներու ծնունդ կու տայ։ Ձեռնարկը պատուեց Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։

«Yolcu Tiyatro» խումբին նախաձեռնութեամբ բեմադրուեցաւ «Կոմիտաս» խաղը, որու բեմագիրն ու բեմադրիչն էր Ահմէտ Սամի Էօզպուտաք։ Կոմիտասի դերին մէջ հանդէս եկաւ Ֆեհմի Քարաասլան։ Ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Լուսաւորիչ երգչախումբը՝ Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ։ Ըստ էութեան, յայտագիրը խաւար մթնոլորտին մէջ գործադրուեցաւ։ Լուսաւորիչ երգչախումբը երեկոյթի ողջ տեւողութեան սեւ վարագոյրի մը ետեւէն մեկնաբանեց մեծ վարդապետի ստեղծագործութիւնները։ Միայն եզրափակիչ փուլին երգչախումբն ու Կոմիտասի դերը ստանձնած՝ Ֆեհմի Քարաասլան հանդէս եկան միասնաբար։

Ներկայացումէն վերջ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Լուսաւորիչ երգչախումբին։

Հարկ է նշել, որ այս ներկայացումը վաղն ալ պիտի կրկնուի՝ նոյնպէս Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ, որ ընդգրկուած է Իսթանպուլի 24-րդ փառատօնի շրջանակին մէջ նախատեսուած ձեռնարկներու յատկացուած հանդիսասրահներու շարքին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020