ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ ՈՍԿԵԳՈՅՆ ՑՈՒՑԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ

Ընտրութիւններու երէկուան փուլին միայն Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար մրցակցութիւն կար։ Ոսկեգոյն եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի ներգրաւուած էին։ Արդիւնքին մեր համայնքը Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը վստահեցաւ Ոսկեգոյն ցուցակի թեկնածուներուն։ Քուէարկութեան արդիւնքով ոսկեգոյն ցուցակը 1417 քուէ ստացաւ, իսկ կապոյտը՝ 997։ Այսպէսով Հերման Կիւրճեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Նարլըգաբուի մէջ։

Ընտրութիւններու արդիւնքին յայտնի դառնալէն վերջ, Ոսկեգոյն ցուցակի թեկնածուները եւ իրենց խումբ մը համակիրները մէկտեղուեցան Սամաթիոյ մէջ, ուր զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն։ Շնորհաւորութիւններուն միացաւ նաեւ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը՝ Վազգէն Վարդանօղլու, որ կը պատրաստուի հերթը փոխանցել։

Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին մաս կը կազմեն՝ Հերման Կիւրճեան, Աւետիս Անտոնօղլու, Աւետիս Եըլմազ, Եաշար Քայնաք, Թանիա Տեմիրճի, Սարգիս Եըլտըրըմ, Աննա Տեմիրճիօղլու, Մարիամ Տելիքեահեա, Հիլտա Տեմիրճի, Յովհաննէս Մուրատեան, Հայկուհի Քըզըլքայա, Կարապետ Քէյիշօղլու, Հարուն Էօզչելիք եւ Հորսի Պոզօղլանօղլու։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022