«ՄԱՐԱԼ»Ի ՏՂՈՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Էսաեան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ «Մա­րալ» հա­մոյ­թի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուած Կա­ղան­դի խրախ­ճան­քը ան­ցաւ ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ծնող­նե­րուն պատ­րաս­տու­թեամբ փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին գոր­ծադրուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։ Տղա­քը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան Ար­ման Քէօ­սէի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան հա­կիրճ խօս­քե­րով շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ա­մա­նո­րը։ Կա­ղանդ պա­պու­կի սրահ ժա­մա­նու­մով մթնո­լոր­տը անն­կա­րագ­րե­լի վի­ճակ մը ստա­ցաւ եւ փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց նուէր­նե­րը ստա­ցան՝ ման­կու­թեան ան­մեղ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան վառ պա­հով մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2015