ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքին բերումով։ Վարժարանի պարտէզէն սկսեալ մինչեւ դպրոցի շէնքի մուտքն ու ապակեպատ սրահը երկարած ընդարձակ տարածքի մը մէջ իրականացաւ այս խրախճանքը, որու մասնակիցներու տրամադրութեան տակ դրուած էին նաեւ Ամանորի բնորոշ զանազան իրեղէններ կամ նուէրներ։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ Գարակէօզեանի ընտանիքի զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Բառին բուն իմաստով ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ համախմբուած էին գարակէօզեանցիները, մինչ փոքրիկները լիուլի ըմբոշխնեցին տօնական հրճուանքը։ Պատուասիրութեան զուգահեռ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, որու շրջագծով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ուսուցչուհի Մարի Արզուման, որ միեւնոյն ժամանակ օրուան հանդիսավարն էր։ Մանկապատանեկան խաղերով, վիճակահանութիւնով, դիմաներկումներով, փուչիկներով կազմուած զանազան խաղերով տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։ Թամար Քեշիշեանի եւ Գարին Սուսմաքի հսկողութեան ներքեւ աշակերտները ներկայացուցին ժողովըրդական պարեր, խմբերգներ, պալէի դրուագներ եւայլն։ «Մարալ» մանկապատանեկան խումբն ալ մասնակցութիւն բերաւ օրուան յայտագրին։ Մեներգեց Գարին Սուսմաք, Արէտ Պոզթաշի դաշնակի նուագակցութեամբ։
Կաղանդ պապուկին ժամանումը բազմապատկեց խրախճանքի մասնակից փոքրիկներուն խանդավառութիւնը։
Արձակման փուլին խրախճանքի մասնակիցներուն տպաւորութիւնը պայմանաւորեց դպրոցի շէնքի ճակատին վրայ կատարուած կաղանդուան հոյակապ լուսաւորութիւնը, որով իսկապէս ստեղծուեցաւ խորապէս յատկանշական պատկեր մը։