ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մար­դա­սի­րա­կան ա­ռու­մով կ՚ու­նե­նան ծանր հե­տե­ւանք­ներ։ Այդ ող­բեր­գու­թե­նէն լայն բա­ժին կը վի­ճա­կի նաեւ հա­յու­թեան, ո­րու Սփիւռ­քի հնա­գոյն հա­մայնք­նե­րը կը գտնուին տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յա­թափ­ման խնդի­րը այ­սօր ար­դէն հա­սած է ա­հա­զան­գա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու։

Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ան­հա­ւա­տա­լի ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը, վայ­րա­գու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րը կ՚ապ­րուին Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Թուր­քիա այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հա­մայն աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ օ­րի­նա­կե­լի ձե­ւով մը կը փոր­ձէ մեղ­մաց­նել այդ ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը՝ իր դռներն ու սիր­տը լայն բա­նա­լով գաղ­թա­կան­նե­րուն։ Եր­կի­րը մի­լիո­նա­ւոր բախ­տա­զուրկ մար­դիկ կը հիւ­րըն­կա­լէ առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, մինչ ճա­կա­տագ­րի բե­րու­մով իր տա­րած­քէն ներս ա­պաս­տան գտած­նե­րու շար­քին կը գտնուին նաեւ հա­յեր։ Այս հան­գա­ման­քը վա­ղուց ծա­նօթ է հա­մայն հա­յու­թեան, որ եւս իր ամ­բողջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը շարժ­ման ան­ցու­ցած է՝ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի բախ­տա­զուրկ քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն թրքա­հա­յու­թիւնն ալ ան­տար­բեր չէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն հար­կադ­րա­բար գաղ­թած հա­յոց նկատ­մամբ։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան եւ հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նէ ա­նոնց վե­րա­բե­րալ խնդիր­նե­րը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին՝ շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ստեղ­ծուած է մաս­նա­ւոր յանձ­նա­խումբ մը՝ հայ գաղ­թա­կան­նե­րու ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը հա­մա­կար­գե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան շարժ­ման թափ տա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս­պէս, Շա­բաթ, Դեկ­տեմ­բե­րի 26-ին, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղով մը, ո­րու օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուէին Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն առ­կայ խնդիր­նե­րը։ Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ բա­րե­րա­ներ։

Խորհր­դակ­ցու­թեան բաց­ման Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մատ­նան­շեց, որ սոյն հրա­տապ խնդի­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կը վե­րա­բե­րի թրքա­հայ հա­մայն­քին։ Զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ե­կած գաղ­թա­կան­ներ առ­ժա­մեայ ձե­ւով ա­պաս­տան գտած են Թուր­քիոյ մէջ եւ այժմ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած՝ ի­րենց ա­ռաջ­նոր­դուած քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Ըստ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին, կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րէ ներս գաղ­թա­կան­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար ար­դէն հրա­մա­յա­կան դար­ձած է յանձ­նա­խում­բի մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը։ Ուս­տի ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ հա­մախմ­բուած էին՝ պատ­րաս­տա­կամ ո­գիով։

Ա­ւե­լի վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ա­մե­նա­վեր­ջին ի­րադ­րու­թեան։ Ըստ ի­րեն, եր­կու­քու­կէս ա­միս ա­ռաջ Եոզ­ղա­տէն ըն­տա­նիք մը կապ հաս­տա­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հետ՝ տե­ղե­կաց­նե­լով, թէ այն­տեղ կը գտնուէին Ի­րա­քէն հայ գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնք խնդրած էին հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը ու­ղարկուի­լը Ս. Պսա­կի խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան եւ Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­ման հա­մար։ Այդ պա­հան­ջին զու­գա­հեռ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան եւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան այ­ցե­լե­ցին Եոզ­ղատ։ Ա­նոնք պար­զե­ցին, թէ այն­տեղ այլ գաղ­թա­կան­նե­րու շար­քին կը գտուէին շուրջ 75 հայ գաղ­թա­կան­ներ։ Եր­կու քա­հա­նայ հայ­րե­րու նկա­տառ­ման յանձնուե­ցաւ, թէ Եոզ­ղա­տի մէջ կը գտնուէին նաեւ Ի­րա­քէն ա­սո­րի եւ քաղ­դէա­ցի ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք կը վա­յե­լէին Իս­թան­պու­լի ա­սո­րի եւ քաղ­դէա­ցի հա­մանք­նե­րուն ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քը։ Ի տես այդ ի­րո­ղու­թեան, ա­նոնք խնդրած էին նաեւ հայ հա­մայն­քին օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը։ Քա­հա­նայ հայ­րե­րը գաղ­թա­կան­նե­րուն հետ ու­նե­ցած էին ման­րա­մասն զրոյց մը, ո­րու հի­ման վրայ յայտ­նի դար­ձած էր, որ Թուր­քիոյ այլ զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ եւս կը գտնուին հայ գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը խոյս տուած է Սու­րիա­յէն կամ Ի­րա­քէն։ Այս տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան ներ­կա­յա­ցուց գաղ­թա­կան­նե­րուն առ­կայ կա­րիք­նե­րը, ո­րոնց շար­քին ա­ռաջ­նա­հերթ կը հա­մա­րուին բնա­կա­րա­նի վար­ձավ­ճար­ներն ու աշ­խա­տան­քի գտնուի­լը։ Բաց աս­տի, գաղ­թա­կան­նե­րուն պէտք է փու­թաց­նել նաեւ սննդամ­թերք, զգեստ, դե­ղօ­րայք, ման­կանց խա­ղա­լիկ­ներ ե­ւայլն։ Տա­կա­ւին պէտք է լու­ծել նաեւ մա­նուկ­նե­րու ուս­ման հար­ցը եւ պէտք է ա­պա­հո­վել, որ հո­գե­ւոր հայ­րեր փու­թան գաղ­թա­կան­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։

Խորհր­դակ­ցու­թեան տե­ւո­ղու­թեան ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կանգ ա­ռին մա­նուկ­նե­րու ուս­ման հրա­տապ խնդրին եւ ըն­տա­նիք­նե­րու կե­ցու­թեան ան­յե­տաձ­գե­լի հար­ցե­րուն վրայ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան։ Մա­տու­ցուած տուեալ­նե­րուն լոյ­սին տակ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը բա­ցատ­րե­ցին ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը եւ զու­գա­հե­ռա­բար կազ­մուե­ցաւ յանձ­նա­խումբ մը, որ տե­ղե­կու­թիւն պի­տի քա­ղէ գաղ­թա­կան­նե­րու կա­ցու­թեան մա­սին ու պի­տի վե­րահս­կէ օ­ժան­դա­կու­թեան կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Յանձ­նա­խում­բի կազ­մին մէջ ընդգր­կուե­ցան՝ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, Թո­րոս Ալ­ճան, Մել­քոն Գա­րա­քէօ­սէ, Լե­ւոն Շա­տեան եւ Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան։

Նո­րաս­տեղծ յանձ­նա­խում­բը յառ­ա­ջի­կայ օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն Եոզ­ղա­տի գաղ­թա­կան­նե­րուն եւ ա­նոնց կա­րիք­նե­րուն շուրջ ա­ւե­լի ման­րակր­կիտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի հա­ւա­քէ եւ այդ բո­լո­րը տե­ղե­կագ­րի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի Պատ­րիար­քա­րան։

Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը յի­շե­ցու­ցին, թէ թրքա­հայ համ­յան­քը ան­ցեա­լին եւս ու­նե­ցած է փոր­ձա­ռու­թիւ­նը նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ իր գաղ­թա­կան քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն զօ­րակ­ցե­լու։ Հե­տե­ւա­բար, ներ­կա­յիս ալ նո­րաս­տեղծ յանձ­նա­խում­բը լա­ւա­տե­սօ­րէն տրա­մադ­րուած է ու վստա­հու­թիւն կը տա­ծէ մեր հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թեան ազ­նիւ ո­գիին նկատ­մամբ՝ զգայ­նու­թիւն դրսե­ւո­րե­լու հա­մար իր այն ազ­գա­կից­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնց դառն բա­ժին դուրս ե­կած է ճա­կա­տա­գ­­րէն։

Բաց աս­տի, Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ յա­ռա­ջի­կայ Յու­նուա­րի 12-ին Կե­սա­րիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Ծննդեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ պի­տի մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին Եոզ­ղա­տի մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած գաղ­թա­կան ըն­տա­նիք­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ըն­թաց­քին եւս անդ­րա­դար­ձաւ գաղ­թա­կա­նաց խնդրին։ Սի­րոյ սե­ղա­նի հուսկ բան­քին ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շեշ­տեց, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ տա­րած­քին հայ գաղ­թա­կան­ներ կը գտնուին Սու­րիա­յէն, Ի­րա­քէն եւ Ե­գիպ­տո­սէն։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը յոր­դո­րեց, որ մեր հա­մայն­քը ան­տար­բեր չմնայ ա­նոնց կա­րիք­նե­րուն նկատ­մամբ։ Մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը հա­մա­խումբ ձե­ւով պէտք է զօ­րակ­ցին գաղ­թա­կան­նե­րուն, ո­րոնք մեր հա­րա­զատ­նե­րը, մեր զա­ւակ­ներն են։ «Ամ­բողջ հա­մայն­քը բա­ժին պէտք է ու­նե­նայ այս գոր­ծին մէջ», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ ընդգ­ծեց, թէ Եոզ­ղա­տի գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար պի­տի ըն­ձե­ռուի նաեւ փա­փա­քե­լու պա­րա­գա­յին Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուե­լու այ­լընտ­րան­քը։ 

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յի­շե­ցուց, որ կեան­քի ըն­թաց­քին բո­լորս կրնանք ա­կա­մայ յայտ­նուիլ նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ։ Այդ­պի­սի դժուա­րին ժա­մա­նակ­նե­րուն բո­լորս կ՚ա­պա­ւի­նինք մեր ազ­գա­կից­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, այ­սօր մենք պէտք է ան­պայ­ման ա­նոնց օգ­նու­թեան հաս­նինք, որ­պէս­զի ա­պա­գա­յին ալ ի պա­հան­ջել հար­կին մենք կամ մեր շա­ռա­ւիղ­նե­րը կա­րե­նան վա­յե­լել ի­րենց ազ­գա­կից­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2015