ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծննդեան առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նը՝ շնոր­հա­ւո­րե­լու հա­մար Ուղ­ղա­փա­ռաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ 

Նոյն առ­թիւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­ցե­լեց նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նը, ուր շնոր­հա­ւո­րեց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նը։ 
Բաց աս­տի, յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին այ­ցե­լու­թիւն­ներ տրուե­ցան քա­ղա­քիս զա­նա­զան քրիս­տո­նեայ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը՝ եղ­բայ­րա­կան շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րու փո­խանց­մամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2015