ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­ղան­դուան խրախ­ճանք մը։ Միու­թեան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած գծագ­րու­թեան, դաշ­նա­կի եւ պա­րի դա­սըն­թաց­քնե­րուն մաս­նա­կից աշ­ա­կերտ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած էր այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Տղա­քը եւ ի­րենց ծնող­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ձեռ­նար­կին, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ դա­սըն­թաց­քնե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ Կա­րի­նէ Մար­տի­կեան, Մաք­րու­հի Քե­չիեո­լու, Սէր­լի Տե­միր եւ Վոլ­քան Եա­րը­ճը։

Տատեան սանուց միու­թեան վար­չա­յին­նե­րը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին խրախ­ճան­քի մաս­նա­կից տղա­քը, ո­րոնց խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ Կա­ղանդ պա­պու­կի ժա­մա­նու­մով։ Ա­նոնք այս առ­թիւ ստա­ցան նուէր­ներ եւ խրախ­ճան­քի տե­ւո­ղու­թեան զուար­ճա­ցան տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2015