ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ Ամանորին ընդառաջ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց մեր այս պատմական եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններուն, որոնց մասնակիցները ապրեցան հոգեւոր մեծ հրճուանք։
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր Կէտիկփաշայի եկեղեցին, ուր Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ պատարագեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Լեւոն Սրկ. Էօզբեմպէ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն Հերման Փորթագալեանի, Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի, Կարօ Ակօշեանի եւ Ժիրայր Աքմերճանի։ Ընդհանուր Փոխանորդը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագէն վերջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի մասնակիցները, որոնց շարքին էին յայտնի բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հին թաղեցիներ եւ հիւրեր։ Արման Ծատուրի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով բոլոր մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Խաթուն Գայայի գլխաւորութեամբ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ ներկաները զիրար վայելեցին տօնական տրամադրութեամբ, մինչ թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ բազմամեայ սպասաւոր Լեւոն Սրկ. Էօզբեմպէի։ Թաղային խորհուրդի ատենապետը ծաղկեփունջ մըն ալ յանձնեց Խաթուն Գայային։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Յարութիւն Շանլը, որ բացատրութիւններ տուաւ թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած հետեւողական աշխատանքին շուրջ՝ եկեղեցապատկան կալուածներու առաւել արդիւնաւէտութեամբ արժեւորման կապակցութեամբ։ Ան իր փոխանցած մանրամասնութիւնները ամփոփեց երկու առանցքի շուրջ։
Առաջինը՝ Սկիւտարի Իճատիէ թաղամասին մէջ Կէտիկփաշայի եկեղեցին ունի 490 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածք մը, ուր կը նախատեսուի իրականացնել շինարարութիւն մը։ Ըստ մշակուած ծրագրին 19 յարկով շէնք մը պիտի կառուցուի այնտեղ եւ այդ յարկերուն 11 հատը պիտի ըլլայ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ սեփականութիւնը։ Յարութիւն Շանլը ընդգծեց, որ ձեռնտու պայմաններով գոյացած համաձայնութեան մը հիման վրայ պատրաստուած է նախագիծը, որու գործնական աշխատանքի մեկնարկին համար կը սպասուի պատկան իշխանութիւններու վաւերացման։
Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին երկրորդ ծրագիրը կը վերաբերի նախապէս եկեղեցապատկան կալուածի մը հատուցման։ Արդարեւ, հին Պոլիսի ծովափին զուգահեռ երկաթուղիի կառուցման ժամանակ, Գատըրկա-Ճանքուրթարան հատուածին մօտ երկաթգիծը անցած է Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ պատկանող տարածքէ մը։ Այդ ժամանակ Մեճիտիէի ոսկիներու արժէքը հիմք ընդունելով վճարուած է հատուցում մը։ Բայց եւ այնպէս, այդ ապասեփականացման ժամանակ եկեղեցապատկան տարածքի 711 քառակուսի մեթր մակերեսով բաժինը պետականացուած է անհատոյց։ Հետեւաբար, վերջին բարեփոխումներէն օգտուելով Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը դիմում ներկայացուցած է պատկան դատական իշխանութիւններուն, որպէսզի այդ հատուածին եւս հատուցումը ապահովել կարելի ըլլայ։ Ֆաթիհի քաղաքապետութեան եւ Պետական գանձին հետ ընթացող դատական գործընթաց մըն է այս մէկը։ Ներկայ պայմաններով արձակուած է դատավճիռ մը, որով 5 միլիոն 500 հազար լիրա հատուցում սահմանուած է՝ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ համար։ Ներկայիս այդ դատավճիռը կը քննարկուի Վճռաբեկ ատեանին կողմէ։ Երբ այդ հանգրուանի արդիւնքին վաւերացուի առնուած որոշումը, ապա Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ մեր համայնքը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ յաւելեալ միջոց մը ունենալու։ Յարութիւն Շանլը երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին նշեց, թէ թաղային խորհուրդը լաւատես սպասումի մը մէջ է այս առումով։
Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Նորին Սրբազնութեան խօսքով եւ աղօթքով։