«500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ»

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «500 ծիծ­ղուն աչք» խո­րագ­րեալ ա­մա­նո­րեան նուի­րա­բաշխ­ման ծրա­գի­րը այս տա­րի եւս կեան­քի կը կո­չուի խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ այս շարժ­ման կա­մա­ւոր­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին՝ սոյն ծրագ­րին մէջ նե­րառ­նուած վեց վար­ժա­րան­նե­րէն ե­րե­քը։ «500 ծիծ­ղուն աչք» նա­խագ­ծին ծի­րէն ներս Կա­ղանդ պա­պու­կը ե­րէկ այ­ցե­լեց Գում­գա­բուի Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նը, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը եւ Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նը։ Բա­ռին բուն ի­մաս­տով խրախ­ճան­քի մը մթնո­լորտ ստեղ­ծուե­ցաւ այս ե­րեք դպրոց­նե­րէն ներս, ուր Կա­ղանդ պա­պու­կը ա­շա­կերտ­նե­րուն յանձ­նեց նուէր­ներ։ Փոք­րիկ­ներն ալ զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Կա­ղանդ պա­պու­կին գա­լուս­տը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016