Երկուշաբթի 10, Փետրուար 2025
ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի հանդէսը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փոքրիկները մեծ յաջողութեամբ գործադրեցին հանդէսի յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Իրենց ծնողներն ալ բարձր տրամադրութեամբ հետեւեցան անոնց ելոյթներուն։ Ներկայ էին նաեւ Գումգաբուի ընտանիքէն վարիչներ։
Հուսկ, Կաղանդ պապուկը ժամանելով բոլորին բաժնեց նուէրներ։ Ամանորի առթիւ փոխանակուած բարեմաղթութիւններէն վերջ ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024