Ուրբաթ 6, Դեկտեմբեր 2024
ՏՈՑ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԻ ԱՅՑԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանը։ Ներկայիս արդէն ան աւարտած է իր գործունէութեան շուրջ մէկ տարին։ Միամեայ իր աշխատանքի արդիւնքի հիման վրայ ան պատրաստած է զեկոյց-տեղեկագիր մը՝ գրքոյկի մը ձեւաչափով։ Ան փութացած էր մեզի յանձնելու այդ գրքոյկը։ Թորոս Ալճան հաճելի զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ կ՚աշխատի Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնական վաքըֆներու բանբերը ըլլալու սկզբունքով։
Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016