ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այսպէս, այս արարողութիւնով եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն համատեղ մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենան միջեկեղեցական աղօթքի շաբաթներ, որոնք առիթ կը հանդիսանան քրիստոնեայ հաւատացեալներու համատեղ աղօթքին։

Քաղաքիս բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացուցիչները հանդիսաւոր թափօրով մը մուտք գործեցին Ս. Աստ-ւածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։ Թափօրը գլխաւորեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Միջեկեղեցական արարողութեան աւարտին ներկայ հաւատացեալները միաբերան երգեցին «Տէր ողորմեայ»ն եւ աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան համար։ Հուսկ, միաբերան երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը եւ եկեղեցականաց թափօրը եկեղեցիէն դուրս եկաւ հանդիսաւոր ձեւով։ Կրօնական արարողութեան աւարտին, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու տիկնանց կազմը յարակից Յարութիւն ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ սիրոյ սեղան մը սարքեց ներկայ բոլոր հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2018