ՈՉ ԵՒՍ Է ՄՈՒՇՏԱԿԱԳՈՐԾ ՅԱՅՏՆԻ ՎԱՐՊԵՏ ԱՐԱ ԹԵՔՊԸՉԱՔ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի յայտնի մուշտակագործներէն Արա Թեքպըչաք կնքած է իր մահկանացուն։ Սա ցաւալի կորուստ մըն է, որովհետեւ Արա Թեքպըչաք բարի համբաւի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր ու միեւնոյն ժամանակ՝ իր ընդգրկած ասպարէզին մէջ յառաջատար վարպետ մը։ Մեր արհեստաւորներու շարքին ան ունէր առանձնայատուկ դիրք մը՝ տասնամեակներ շարունակ մուշտակագործութեան ոլորտէն ներս ծաւալած մեծ աշխատանքով։ Իր արտադրութեան արգասիքը շատ յաճախ կը սահմանէր ճաշակ, նրբութիւն եւ ստեղծագործութիւն։

Նորոգ հանգուցեալ Արա Թեքպըչաք նաեւ ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Իր որդին է Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որ երիտասարդ տարիքէն սկսեալ անփոխարինելի մասնակցութիւն բերած է մեր մարզական կեանքին։ Որպէս մարզիկ, ապա նաեւ որպէս վարչային՝ Ալէն Թեքպըչաք մեր համայնքէն ներս իր սերունդի օրինակելի դէմքերէն մին է եւ այդ բոլորին մէջ անշուշտ դեր ունի՝ Արա Թեքպըչաքի հովանիով պայմանաւորուած ընտանեկան մթնոլորտը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Արա Թեքպըչաքի հոգւոյն, նաեւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք Ալէն եւ Սէրլի Թեքպըչաք ամոլին, բոլոր մերձաւորներուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019