ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ

Տարուան ընթացքին տարբեր պաշտօններ իրենց տօնակատարութեանց համար սահմանուած յատուկ օրեր կ՚ունենան, ինչպիսին են վարդապետաց տօնը, քահանայից տօնը, ուսուցչաց տօնը, բժշկաց տօնը եւ այլն։ Այս տօները, առիթներ կը դառնան, որպէսզի հոգեւոր եւ ընկերային տօնակատարութիւններով յատուկ անդրադարձ կատարուի յիշեալ ասպարէզներու պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութեանց։ Նմանապէս եկեղեցւոյ առաջին մեծ աստիճանը հանդիսացող սարկաւագութեան աստիճանը եւս առաւել մեծ շուքով կը տօնուի, երբ կը հասնի Ս. Ստեփաննոսի տօնակատարութիւնը եւ սարկաւագներ շնորհաւորանք կ՚ընդունին իրենց երէցներէն ու հարազատներէն։ Բաց աստի, այս տօնը առիթ կը դառնայ, որ սարկաւագութեան մեծ աստիճանին արժանացած սպասաւորներ հայեացք մը նետեն իրենց ծառայութեան, քննեն իրենց կոչումները եւ վերաթարմացման միջոցներ գտնեն իրենց ծառայական կեանքէն ներս։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր հովանաւորութեամբ այս տարի Ս. Ստեփաննոսի տօնը յատուկ իմաստով նշուեցաւ Կեչառիսի պատմական վանական համալիրէն ներս եւ այս մէկը դարձաւ աննախադէպ տօնակատարութիւն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ եւ Կոտայքի թեմի առաջնորդ Առաքել Սրբազան Հօր հիւրընկալութեամբ, Ս. Ստեփաննոսի տօնի սեմին անմոռանալի պահեր ապրեցան Մայր Աթոռոյ սարկաւագաց դասու անդամները։

Առաւօտեան ժամերգութենէ յետոյ, սարկաւագաց դասու անդամներ համախմբուեցան փոխադրամիջոցին մէջ եւ իրենց միաւորումով արդէն իսկ զգալի դառնալ սկսած էր եղբայրական ջերմութիւնը։ Սարկաւագաց կառքին ուղեկիցներն էինք ես եւ Հայր Անդրէասը, իսկ խումբը կը գլխաւորէր լուսարարապետ սրբազան հայրը։ Մայր Աթոռէն դէպի Ծաղկաձոր գրեթէ երկու ժամուան ճամբորդութիւն ունէինք։ Կառքը շարժելէ յետոյ նախ ուղղուեցանք դէպի Երեւան եւ տակաւ առ տակաւ զգալի կը դառնար ձմրան եղանակի սաստկութիւնը։ Երբ Երեւանի շէնքերով լի սահմաններէն դուրս եկանք, արդէն իսկ ձմրան սաստկութիւնը մոռնալ սկսանք, քանի ի յայտ եկած էր ձիւնածածկ սպիտակազգեստ բնութիւնը։ Լեռներ ու ձորեր, ամէն տեղ ճերմակ գոյնով կը ներկայանար եւ այս մէկը ինծի համար հետաքրքրական տեսարան դարձած էր, քանի երկար ժամանակէ ի վեր նման ձեւով ձիւնի ծածկոյթ մը չէի տեսած։ Արդէն իսկ ամայացած էին բնակարանները եւ բնութեան գեղեցկութեան հետ դէմ յանդիման մնացած էինք։ Կարծէք դրախտավայր մը ըլլար այս մէկը, իսկ մենք՝ վայելողները այս հիասքանչ տեսարանին։

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻՆ

Երբ Հրազդան քաղաքէն ներս մտանք, դարձանք դէպի ձախ եւ ուղիղ ձեւով ուղղուելով հասանք ի վերջոյ Ծաղկաձոր։ Այստեղ բաւականին ցուրտ էր եւ ջերմութիւնը կը չափուէր -10 աստիճանով։ Կառքը կանգ առաւ շրջանի կեդրոնը, որ ձիւնապատ վայրին մէջ ամէնուրեք «Կեչառիս» անունը տեսանելի կը դառնար։

Կոտայքի մարզի մէջի այս քաղաքը ծանօթ էր նաեւ Կեչառիս անունով, նկատի ունենալով, թէ քաղաքի հնագոյն արժէքն էր Կեչառիսի վանական համալիրը։ Քաղաքին անունը արդէն իսկ առընչուած է ծաղիկներով, քանի բառացի իմաստով կը նշանակէ ծաղիկներու ձոր։ Իսկ միւս կողմէ, քաղաքի մասին կը փոխանցուի աւանդութիւն մը, ըստ որում Պահլաւունեաց տոհմէն օրիորդի մը փափաքով ձորահովիտին կառուցուած է ամրոց մը, ուր կ՚աճեցնէին գեղեցիկ ծաղիկներ։ Օր մը սաստիկ քամի մը աւերած է ծաղիկները եւ անոնք՝ բոլորովին ցրուած։ Օրիորդը իր հօրմէ խնդրած է, որ կառուցէ վանք մը, ուր վանահայրեր գիշեր ու ցերեկ աղօթեն ու վերադառնան ցրուած ծաղիկները։ Այլապէս շրջանը կը կոչուի «Ծաղկաձոր» եւ կամ «Ծաղկոցաձոր»։

Կառքէն դուրս ելանք եւ ուղղուիլ փորձեցինք դէպի Գրողներու միութեան տունը, ուր պիտի իջեւանէինք։ Այս հիւրանոցը ծանօթ է նաեւ «Ծաղկաձոր ստեղծագործական տուն» անունով, որ 1930-ական թուականներուն գործել սկսած է եւ հիւրընկալ դարձած՝ հայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Եղիշէ Չարենցի, Աւետիք Իսահակեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ տակաւին բազում ստեղծագործիչներու։ Իջեւանի մէջ ուղղակիօրէն գրական պատմութիւն կը բուրէր, քանի գրողներու ապրած սենեակներուն կից կը գտնուէին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Այս սենեակին մէջ ապրած եւ ստեղծագործած է…»։ Բաց աստի, իջեւանի արտաքին պատերու վրայ քանդակուած էին բազմապիսի գրողներու դիմանկարները, իսկ մուտքին արդէն իսկ կանգնած էր Եղիշէ Չարենցի արձանը։ Սիլվա Կապուտիկեանի մնացած 101 թիւ սենեակին մօտ կանգնածներուս առջեւ կը հնչէր իր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը եւ յատկապէս՝ առաջին եւ վերջին տուները կը կրկնուէին որպէս սրբազան պատգամ. «Լսիր, որդիս, պատգամ որպէս, Սիրող քո մօր խօսքը սրտանց, Այսօրուանից յանձնում եմ քեզ, Հայոց լեզուն հազարագանձ:… Ու տես որդիս, ուր էլ լինես, Այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս, Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, Քո Մայր լեզուն չմոռանա՛ս»։

Այս հիւրանոցի մէջ կը կազմակերպուէին նաեւ բազմապիսի գիտաժողովներ, իսկ մեր իրականութեան մէջ Ս. Ստեփաննոսի տօնին ընդառաջ պիտի կազմակերպուէր «Սարկաւագի առաքելութիւնը 21-րդ դարուն» խորագրեալ երկօրեայ համաժողովը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի «Կլոր սեղան» հիմնադրամի համագործակցութեամբ կատարելի ժողովին ընթացքին տարբեր երեսակներով պիտի քննարկուէր սարկաւագութեան աստիճանի նշանակութիւնը։ Հետեւաբար հայ գրականութեան սպասարկուներու քայլերով զարդարուած պատմական տունը այս անգամ պիտի վերածուէր սարկաւագատունի, ուր բարձրաստիճան եկեղեցականներու գլխաւորութեամբ վերաթարմացման առիթ պիտի ունենային Հայ Եկեղեցւոյ սպասարկուները։ Անշուշտ, բոլոր հանդիպումները, զեկուցումները, արտայայտութիւնները, սիրոյ սեղանները նաեւ պիտի նպաստէին ներկայ վեղարաւորներուս առիթ ընձեռելով ծառայութեան ուղիին եւ հոգւով ու մտքով զօրանալու։

Երբ բարձրացայ դէպի սենեակս, նախ պատուհանէն դիտեցի շրջակայքը եւ այդ պահուն ինքզինքս բախտաւոր կը զգայի, քանի լաւագոյնս առիթը ունեցած էի սպիտակ սարերու մէջ շողացող Կեչառիսի վանքը առաջին անգամ տեսնելու։ Վանական համալիր մը, որ հարուստ էր փոքր թէ մեծ եկեղեցիներով, բարձրաթռիչ հայեացքով առիթն էր տեսնելու ձիւնապատ կաթուղիկէները եկեղեցեաց։ Կանաչն ու ճերմակը իրարու գիրկընդխառնուած, նոր երանգով ու գեղեցկութեամբ կը ներկայանային որպէս վանական համալիրը շրջապատող բնութիւն։ Ի տես այս հիասքանչ պատկերին, պահ մը քարացայ եւ լուռ դիտեցի ինձ համար աննախընթաց տեսարան մը։ Կեչառիսի վանական եկեղեցիներն են, որ կը ծածանին լեռներուն վրայ ու կը շարժեն հաւատախառն զգացումները ունկնդիրներուս։ Հեռուներէն ողջունեցի այս տեսարանի գանձարանը եւ յաջորդաբար պատրաստուեցայ օրակարգին։

Հաճելի էր այն պահը, երբ բոլորս լուսարարապետ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ նախ համախմբուեցանք սեղանատան մէջ եւ երկար ճանապարհորդութենէ յետոյ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելու առիթն ունեցանք։ Այս մէկը առիթ էր, որ բոլորս անմիջական մթնոլորտի մէջ վարժուէինք միջավայրին։ Յաջորդաբար բոլորս համախմբուեցանք հիւրանոցի ժողովասրահին մէջ, ուր ներկայ էին Հայաստանի «Կլոր սեղան»ի ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները, վեղարաւորներս եւ սարկաւագաց դասու անդամները։ Այս համաժողովը իր տեսակին մէջ գրեթէ աննախընթաց կրնար համարուիլ, քանի Մայր Աթոռոյ բարձր հովանաւորութեամբ Ս. Ստեփաննոսի տօնի առիթով նման հանդիպումը սարկաւագաց խնդրանքին ընդառաջ կը կազմակերպուէր։ Իսկ, նիւթը բաւականին հետաքրքրական էր, քանի այժմէական բովանդակութեամբ սարքուած էր։ Բաց աստի, այս ժողովը առիթ ընծայած էր, որպէսզի սարկաւագներ առանց վարանելու իրենց հարցումները ուղղեն եւ ստանան իրենց պատասխանները, կատարուին նաեւ քննարկումներ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ աղօթքով եւ լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով։ Այս մէկը առիթ եղաւ որ, սրբազան հայրը նախ փոխանցէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հայրական օրհնութիւնները եւ յաջորդաբար ներկայացնէ երկօրեայ հանդիպման նպատակն ու սահմանները։ Այստեղ մանրամասնօրէն չեմ անդրադառնար ժողովական զեկուցումներու նիւթերուն եւ անդրադարձերուն, բայց կրնամ ըսել, թէ սարկաւագներ ուրախ ու զուարթ էին նման մթնոլորտի մաս եւ բաժինները դառնալով, իսկ սրբազան հայրը գոհ էր սարկաւագաց դասու ընկալումը դիտարկելով, «Կլոր սեղան»ի ներկայացուցիչները բաւարարուած էին ժողովին նպատակայարմար ընթանալը տեսնելով։ Եւ այս բոլորին մէջ ուրախութիւն էր մօտէն ականատես ըլլալը եւ սարկաւագաց հետաքրքրական գաղափարներուն ու մտածումներուն իրազեկ դառնալը։ Հետեւաբար, մօտաւորապէս երեք ժամ տարբեր թեմաներու շուրջ քննարկումներ կատարուեցան եւ ժամանակը հասաւ դէպի Կեչառիսի վանական համալիրը ուղղուելու։ Ահա՛, ժամանակը հասած էր, որ սպասաւորներ միատեղուին վանքի մէջ եւ իրենց հանապազօրեայ ապրումներուն համար փառք վերառաքեն Քրիստոսի։

Ժամը արդէն իսկ կը հասնի 17.30-ի եւ բոլորս պատրաստ ենք հիւրանոցէն ուղղուելու դէպի վանական համալիր։ Ճանապարհ մը, որ գրեթէ պիտի տեւէ 15 վայրկեան եւ վստահաբար հաճելի ուղեւորութիւն մը պիտի ըլլայ, քանի պիտի անցնի ձիւնապատ ճանապարհներով, մերթ զրուցելով, մերթ կատակելով։ Սակայն ուշադիր պէտք է ըլլալ, քանի ձիւներու բարձրութիւնը այնքան ալ ցած չէ եւ անուշադրութեան պարագային կրնանք սահիլ անզգալաբար։ Շրջակայքը նաեւ դահուկներով շրջելու եւ հաճելի պահեր անցընելու համար կ՚օգտագործուի եւ վայրը ամայի չէ, քանի բազում անձինք եկած են նաեւ ձիւնին գեղեցկութիւնը վայելելու։ Ճանապարհը հետեւեալն է. բարձունքէն դէպի զառիվար կ՚ուղղուիք ու կը հասնիք շրջանի փոքր հրապարակը։ Կը դառնաք դէպի ձախ ու յաջորդաբար դէպի աջ։ Կը հասնիք Խաչատուր Կեչառեցիի անուան պողոտան ու կը բարձրանաք դէպի վեր ու ճանապարհի ընթացքին արդէն իսկ տեսանելի կը դառնայ վանական համալիրը։ Ուստի, բոլորս հետեւեցանք այս ճանապարհորդութեան ուղիին եւ ուրախութեամբ հասանք վանք։ Օդը արդէն կամաց-կամաց մութնալ սկսած էր մթնադէմ պահուն, ցուրտը իր ազդեցութիւնը առաւել եւս զգացնել կու տար եւ այս մէկը պատճառ կը դառնար, որ առաւել եւս խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ գտնէինք մենք զմեզ։ Փա՜ռք Տիրոջ, ահա մեր առջեւն է արդէն իսկ աւելի քան հազարամեայ պատմութեամբ՝ Կեչառիսի վանական համալիրը։

Համալիրի պատմականի մասին մտորելէ առաջ անկեղծօրէն կը յիշեմ Խաչատուր Աւետիսեանի յօրինած այն երգը, որ ձիւնապատ եկեղեցիներու առջեւ առաջին հերթին միշտ կը մտաբերեմ եւ առանց բարձրաձայնելու ցած ձայնով կ՚երգեմ. «Հարսի նման ճերմակ հագար, Ծաղկած բալենի, Կարծես յոյսի ճամբով եկար, Իմ յոյս բալենի, Ինձ առ ճերմակ թեւերիդ մէջ, Իմ քոյր բալենի:… Քեզ տեսնելիս լցւում եմ ես Անուշ մուրազով, Քեզ տեսնելիս ապրում եմ ես Բարի երազով»:

ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ՎԱՆՔԸ՝ ԿԵՉԱՌԻՍԸ

Ըստ ժամանակացուցակի կը գտնուէինք այստեղ, որպէսզի մութ գիշերին միանայինք պատմական վանքի խորախորհուրդ մթնոլորտին եւ աղօթական միջավայրէն տարուած խոկայինք Ս. Ստեփաննոսի տօնի նախօրեակին։ Ուստի լաւ կ՚ըլլայ իմանալ այս պատմականին մասին, որպէսզի «պատմական» բառը սոսկ ածական մը չդառնայ մեր մօտ ու իմաստաւորէ մեր կեցութիւնը։

Համալիրը գիրկընդխառնուած է բնութեան հետ եւ կը բաղկանայ չորս եկեղեցիներէ. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ս. Նշան եկեղեցի, Ս. Կաթուղիկէ եկեղեցի եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցի։ Գլխաւոր եկեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն է, որ ըստ նախնական աղբիւրներու՝ 1003-ին կառուցուած է Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունիի կողմէ, որ նման համալիրի միւս եկեղեցիներուն, կառուցուած է սեւ ու սրբատաշ քարերով։ Եկեղեցին ունի երկու մուտք, արեւմտեան եւ հարաւային, սակայն հարաւային մուտքը իր վերեւի յիշատակարանով ու ընդարձակ եւ ճոխ դուռով աւելի ուշագրաւ կը դառնայ։ Նոյն դրան վրան կանգնած է արդէն այն յիշատակարանը, ուր կը ներկայացուին՝ Գագիկ Ա. Բագրատունին որպէս թագաւոր, Սարգիս Ա. Սեւանցին որպէս ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ հիմնադիր՝ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունին։ Բաց աստի, այստեղ կցուած է նորաշէն յիշատակարան մը եւս, ուր կը յիշատակուին եկեղեցւոյ վերջին վերաշինութեան բարերար՝ Վլատիմիր Յարութիւնեանի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ առաջնորդ Առաքել Եպսկ. Քարամեանի անունները։

Կողքի Ս. Նշան եկեղեցին եւս կառուցուած է Գրիգոր Մագիստրոսի կողմէ, 1051 թուականին։ Իշխան Վասակ Խաղբակեանի աջակցութեամբ 1203-1214-ին կը կառուցուի Ս. Կաթուղիկէ եկեղեցին։ Իսկ քիչ մը վերեւ կը գտնուի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, որ եւս կառուցուած է Վասակ Խաղբակեանի ջանքերով։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ս. Նշան եկեղեցոյ միջեւն է այն փոքրիկ մատուռիկը,  զոր կրնայ հիւրընկալել միայն քանի մը հոգի։

19-րդ դարու սկիզբը վանական համալիրը երկրաշարժէ յետոյ բաւական վնասուած է եւ երկար տարիներ մնացած՝ աւերակի նման։ Սակայն 21-րդ դարու մերձաւոր շրջանին Մայր Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ Վլատիմիր Յարութիւնեան անուն բարերար մը կը ստանձնէ վանքի բոլորովին վերակառուցման ծախսերը եւ հսկայ աշխատութենէ մը յետոյ վանքը իր զարդարանքներով, գմբէթներով ու համալիրով վերածնունդ կ՚ապրի եւ նոր հազարամեակի յաջորդող ամիսներուն՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պաշտամունքի կը վերաբացուի։ Իսկ 2003 թուին, վանքի հաստատման 1000-ամեակին առթիւ հանդիսաւոր տօնախմբութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Վանքը ներկայիս կը ծառայէ, որպէս առաջնորդանիստ տաճար Կոտայքի թեմին։  

Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ թաղուած են՝ եկեղեցիներու երկու հիմնադիրներ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունին եւ Վասակ Խաղբակեան իշխանը։ Բաց աստի, 13-րդ դարու նշանաւոր բանաստեղծ ու մշակութային գործիչ Խաչատուր Կեչառեցին եւս թաղուած է այս վանական համալիրին մէջ։

ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՄԷՋ ՀՍԿՈՒՄ ՈՒ ԽՈԿՈՒՄ

Պատմականին քիչ մը եւս հմտանալէ յետոյ, արդէն իսկ տեսքով խօսուն վանական համալիրը այլեւս կը զմայլէր նաեւ հազարամեայ պատմութենէն բխած շունչով։ Այս ցուրտին, առաջին հերթին կը մտածեմ Կեչառիսի երբեմնի վանականներուն մասին եւ կը խորհիմ, թէ նման ցուրտին անոնք ինչպէ՞ս կը դիմանային։ Մեր մօտ գոնէ կար ջերմացուցիչ, իսկ անոնք արդեօք ի՞նչ կ՚ընէին։ Այս մտածումներով ողողուած, ի վերջոյ մուտք գործեցի վանքէն ներս ըսելով. «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. ՏԻՐՈՋ տունը երթանք» (Սղմ 122.1):

Եկեղեցին հետաքրքրական կառուցուածքով կը ներկայանար, քանի ունէր շատ բարձր խորան մը, որուն ճակատը կը գտնուէին տասներկու առաքեալներուն սրբապատկերտները։ Մեր եկեղեցեաց մէջ ընդհանրապէս վարժ ենք, որ դէպի խորան առաջնորդող աջակողմեան եւ ձախակողմեան աստիճաններ գտնուին, իսկ այստեղ խորանի կեդրոնը կար անցք մը, որուն աստիճանները եւս բարձր էին։ Բաց աստի, ատենի ժամագիրքի գրակալը եւս կանգնած կը մնար այս աստիճաններուն վրայ։ Եկեղեցւոյ աջակողմը եւ ձախակողմը կային երկու խորշեր, որոնցմէ մին կը գործածուէր որպէս սարկաւագատուն։ Բարձր խորանին վրայ կանգնած էր նաեւ քարեղէն հսկայ Ս. Սեղան մը, որ իր գոյնով ու ճարտարով եկեղեցւոյ կառուցուածքին ամփոփիչ տարրերէն միոյն կը վերածուէր։ Խորանի շուրջբոլորը կը գտնուէին սիւներ, որոնք կարծէք ալիքի տեսքով իրարու կցուած էին։ Սակայն հիանալի էր դէպի վերեւ նայիլ եւ ներսիդիէն տեսնել եկեղեցւոյ հսկայ կաթողիկէ գմբէթը։ Իսկ գաւիթի բաժնին մէջ կը գտնուէր զանգակատուն մը, որ կառուցուած էր կաթողիկէ գմբէթի տեսքով եւ հետաքրքրական էր վարէն դէպի վեր նայիլ ու դիտել զայն։ Կանոնաւորապէս պատրաստուած այս կառուցուածքին մէջ, անշուշտ, տեսանելի էր նաեւ պատերու մէջ թաղուած խաչքարեր ու արձանագրութիւններ։

Եկեղեցին մօտէն տեսնելէ յետոյ այլեւս պատրաստ էինք հսկման արարողութեան։ Լուսարարապետ սրբազան հօր նախագահութեամբ հայր սուրբերս եւ սարկաւագներ դասին մէջ համախմբուելէ յետոյ սկսաւ հսկման արարողութիւնը։ Պոլսոյ մէջ յատկապէս Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մեր կատարած խորհրդաւոր արարողութիւններէն միոյն նմանողութիւնը ունէր այս մէկը, սակայն անշուշտ աւելի կը տարբերէր նախապէս կատարուածներէն։ Այս արարողութիւնը բառին բուն իմաստով «խորհրդաւոր» էր, որովհետեւ արարողութեան ժամանակ բացի մեզմէ ո՛չ մէկը կար. սրբազան հայրը, վեղարաւորներ, սարկաւագներ եւ ժողովի մասնակիցներ։ Ձմրան խիստ պայմաններու ներքեւ, մութին մէջ կը պլպլային տաճարի մոմերը եւ բոլորս կամայ եւ ակամայ կը վերանայինք այս եզակի մթնոլորտին մէջ։ Անձ մը զգայազուրկ պէտք է ըլլայ, որ չհիանայ Կեչառիսի գիշերային պաշտամունքի պայմաններուն եւ մթնոլորտին։ Զգալի էր երբեմնի վանականաց շունչը, խրատող էր եկեղեցւոյ մէջ արձագանգող շարականին ու աղօթքին ելեւէջը…

Ահա այստեղ բոլոր ներկաներս սիրտ սրտի տուած երգեցինք Ս. Նարեկացիին «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» աղօթքը եւ մաղթեցինք ի Տեառնէ, որ հեռանայ մութը աշխահէն եւ յատկապէս մեր ազգային-եկեղեցական համակարգէն։ Իսկ անբացատրելի պահ էր, երբ բոլորս ծնկաչոք երգեցինք Կոմիտասեան «Տէր ողորմեա»ն միասիրտ եւ միախորհուրդ։ Տակաւին մինչեւ այսօր երբ վերյիշեմ այդ օրը, ականջիս մէջ կ՚արձագանգէ երկձայն երգուած այս հիանալի աղօթախառն պաղատանքը։ Այս այն պահն էր, որ բառերը կ՚ելլէին ուխտաւորացս բերնէն, իսկ ուխտապահ հոգին էր, որ կը պարուրէր այն բառերը, զանոնք վերածելով պայծառազարդուած մեղեդիին ու նման փայլած արծաթեայ ընտիր անօթի մը կը ներկայցնէր առ Աստուած։ «Արի՛ Աստուած հարցն մերոց, Որ ապաւէնդ ես նեղելոց: Հա՛ս յօգնութիւն ծառայից քոց Լեր օգնական ազգիս Հայոց: Տէր, ողորմեա՛. Տէր, ողորմեա՛. Յիսուս Փրկիչ, մեզ ողորմեա՛»: Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօքով եւ հուսկ՝ փառաբանողական «Փառք Քեզ Տէր Աստուած մեր» մաղթանքով աւարտին հասաւ ուխտաւորացս հսկման արարողութիւնը։ Մաղթանքի տողերը կը համընկնին նաեւ բոլորիս աղօթքին «Փառք քեզի ո՜վ Տէր, մեզի պարգեւած այս օրը, բարութեամբ եւ խաղաղութեամբ անցընելու արժանացանք։ Քու սուրբ եւ պատուական Խաչիդ նշանաւոր հալածէ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր չարութիւնները, որոնք մեր առօրեայէն ներս ներթափանցել կը փորձեն. ամէն»։

Հսկման արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը զիս հրաւիրեց խոկման արարողութեան առթիւ սարկաւագաց դասու անդամներուն հոգեւոր պատգամ մը փոխանցելու։ Այս մէկը առիթ եղած էր, որ անկեղծ սրտով ու վերացեալ հոգւով խոնարհաբար դիմեմ ներկաներուն։ Այստեղ կ՚ուզեմ պահ մը դառնալ ուխտաւոր ներկաներէն միոյն եւ իրենց բերնով ներկայացնել քարոզի պահը։

Հայր սուրբը յայտնեց, թէ Ս. Ստեփաննոսի տօնի նախօրեակին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս տարբեր եռուզեռ մը կը ստեղծուէր այս տարի եւ ինք ուրախ էր, որ անձնապէս որպէս չնչին ներկայութիւն կը վկայէր այս եռուզեռին։ Հայր սուրբը յաջորդաբար անդրադարձաւ օրուան քննարկումներուն եւ յայտնեց, թէ սարկաւագութեան խորհրդանիշն է ուրարը։ Այս առումով յայտնեց, թէ սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ առաջին մեծ աստիճանն է եւ սարկաւագներ եւս պէտք է կոչուին հոգեւորականներ, որոնք պարզապէս օծման հանգրուանին չեն հասած։ Ուրարը քահանայութեան պարագային կը փոխուի փորուրարի եւ եպիսկոպոսի պարագային՝ եմիփորոնի, հետեւաբար ուրարի ծառայութեան խորհուրդը միշտ մնայուն ներկայութիւն է հոգեւորականաց կեանքէն ներս։ «Զի լուծ իմ քաղցր է, եւ բեռն իմ փոքրոգի» (Մատթ 11.30)։

Եկեղեցական կեանքէ ներս հոգեւոր բառը բաւականին մեծ նշանակութիւն ունի, հետեւաբար նման մարտնչման մէջ անհրաժեշտ է Քրիստոսի օգնականութիւնը խնդրել։ Ուրարի նշանակութիւնն է նաեւ Աստուծոյ վստահութեան արժանացած ըլլալ, հետեւաբար իւրաքանչիւր սպասաւոր պէտք է արդարացնէ այս վստահութիւնը։ Եկեղեցւոյ մթնոլորտէն օրինակ բերելով ըսաւ, թէ եկեղեցին իր ժողովուրդին սիրտը ջերմացնելու զօրութիւնը ունի Տիրոջ խօսքով։ Իր խօսքերու աւարտին մաղթեց, որ Աստուած եկեղեցական նուիրապետութիւնը անսասան պահէ եւ այդ կառոյցէն դուրս ելլեն բարի պտուղներ։ Մաղթեց, որ Աստուած յատկապէս անսասան պահէ Հայ Եկեղեցին, իր բարձրաբերդը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, կարողութիւն պարգեւէ այս հիանալի կառոյցին գագաթը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ օգնականութիւն պարգեւէ բոլոր սպասաւորներուն ու մասնիկներուն Հայ Եկեղեցւոյ։

Այս խօսքերէն յետոյ, բոլորս պահ մը անձայնութեան մէջ մնալով՝ անհատական անձայն աղօթք մատուցանեցինք մեր Տիրոջ, աւետարանական պատգամին հետեւելով. «Երբ կ՚աղօթես, մտիր քու սենեակդ, փակէ դուռը եւ աղօթէ Հօր, որ գաղտնիքի մէջ է եւ քու հայրդ որ պիտի տեսնէ գաղտնիքին մէջ, քեզ պիտի վարձատրէ» (Մտթ 6.5)։ Սրբազան հօր վերջին օրհնութեան աւարտին, բոլոր ներկաներս արդէն իսկ փառք տուած էինք նման մթնոլորտի մասնակիցները ըլլալով։ Յաջորդաբար երբ տաճարէն դուրս ելանք, արդէն իսկ օդը խաւարած էր եւ մեր շուրջը կը լուսաւորուէր լուսարձակիչներով։ Այս ոգեւոր մթնոլորտին մէջ արագօրէն շրջեցանք համալիրը եւ ցուրտին կ՚արժէր ձիւնապատ կամարին լոյսով ճաճանչումը տեսնել մութին մէջ։ Ապա, հանդերձ սարկաւագօք վերադարձանք դէպի հիւրանոց ու միատեղ ընթրեցինք։ Երբ սենեակս գացի, փորձեցի անգամ մը եւս դիտել վանքը, ինչպէս ցերեկին կատարած էի։ Այս անգամ աւելի տարբեր գեղեցկութիւն մը աչքիս զարկաւ, ըստ որում անտառին մէջ կանգնած էր հսկայ խաչ մը եւ գիշերը կը լուսաւորուէր։ Լուսաւորեալ խաչը այնպէս մը կը կենար որ, կարծէք վանքի կամարներուն վերեւ կը հսկէր Ս. Խաչը։ Ցերեկէն տարբերած այս տեսարանին զմայլած, քիչ մը դիտեցի եւ պատրաստուեցայ յաջորդ օրուան։

ԿԵՉԱՌԻՍԻ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ

Յաջորդ առաւօտ, մինչեւ երեկոյեան ժամերը շարունակուեցաւ սարկաւագաց ժողովը եւ կատարուեցան բազմերեսակ քննարկումներ։ Սարկաւագներ մթնոլորտին առաւել եւս ընտելացած ըլլալով առաւել եւս թափով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերէին օրակարգին։ Իսկ երբ ժամը հասաւ 17.00-ին, բոլորիս հանդիպման վայրը եղած էր կրկին Կեչառիսի վանքը։ Այս արարողութիւնը ո՛չ միայն Մայր Աթոռոյ մօտ, այլ նաեւ Կոտայքի թեմէն ներս ոգեւորութեան առիթ կը դառնար, քանի առաջին անգամ տօնական առիթով Ս. Ստեփաննոսի մասունքակիր աջը դուրս կը բերուէր Մայր Աթոռոյ գանձատունէն եւ կը հասնէր Կեչառիսի վանքը, ի մխիթարութիւն մարզի հաւատացեալ ժողովուրդին։

Ժամերգութեան նախօրեակին բոլորս պատրաստուած դուրս եկանք տաճարէն եւ թափօր կազմած վանքի մուտքին կը սպասէինք Ս. Ստեփաննոսի մասունքին վերաբերումը։ Յաջորդաբար սկսան վանքի զանգակները ղօղանջել, որուն ընթացքին հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց ընկերակցութեամբ տեսնուեցաւ լուսարարապետ Մուշեղ Սրբազանը՝ ի ձեռին ունենալով մասունքակիր շղարշազարդ աջը։ Վանքի մուտքին մասունքը յանձնուեցաւ Կոտայքի թեմի առաջնորդ Առաքել Սրբազան Հօր եւ թափօրը զանգերու ղօղանջներու ընկերակցութեամբ եւ «Ստեփաննոս քաղցրիկ տատրակ» հոգեւոր երգի երգեցողութեամբ շարժեցաւ վանքի մուտքէն դէպի տաճար։ Առաջնորդ սրբազանը մասունքով կ՚օրհնէր հաւատացեալ ժողովուրդը, որոնք ջերմեռանդութեամբ կը մօտենային մասունքին եւ մասունքակիրին։ Երբ հասանք Ս. Խորանին առջեւ, սրբազանը ի ձեռին ունեցած մասունքը դրաւ խորանին առջեւ կանգնած պատուանդանին վրայ եւ յաջորդաբար սկսաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը։ Օրը ուրբաթ ըլլալուն, պահոց խորհուրդով կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն բացի մեզմէ ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Արտասանուած «Հայր գթած» աղօթքէն յետոյ արդէն իսկ այլեւս կը թեւակոխէինք Ս. Ստեփաննոսի տօնը եւ օրուան համապատասխան նախատօնակի արարողակարգը մեի կը սպասէր։ Ուստի, ուղղուեցանք դէպի եկեղեցւոյ գաւիթը եւ բոլոր հոգեւորականներս զգեստաւորուեցանք պաճուճուած հանդերձանքով եւ սրբազան հայրերը թափօրով առաջնորդեցինք դէպի դաս։ «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք. ընկալ, կեցո եւ ողորմեա։ Օրհնութիւն եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։ Ահա արդէն իսկ սկսած է Ս. Ստեփաննոս նախասարկաւագին ընծայուած «Նահատակ բարի» հոգեզմայլ շարականի երգեցողութիւնը։ «ԳԿ» եղանակը արդէն իսկ սրտայոյզ եղանակ է եւ երբ Ս. Յովհան Օձնեցի Հայրապետի գրի առած այս շարականի բառերով կը հնչեն մարտիրոսական գովասանքը՝ առաւել եւս խորազգած կը դառնանք բոլորս։ «Նահատակ բարի Քրիստոսի եղեր այսօր ի միջի մերում. եւ մտեր ի վերնատունն խորհրդոյ յաւիտենականի» (Օրհնութեան շարական Ս. Ստեփաննոսի)։

Քանիցս երգեր եմ այս շարականը եւ քանիցս լսեր եմ երգեցողութեան ժամանակ, սակայն այս անգամ աչքերս սեւեռած Ս. Ստեփաննոսի մասունքակիր աջին, հոգւոյս խորքերէն կը խոնարհիմ առաջի անդրանիկ մարտիրոսին եւ նախավկային, հայցելով իր բարեխօսութիւնը. Ո՜վ Ս. Ստեփաննոս, նախասարկաւագ եւ վարդագոյն արեամբ Քրիստոս քարոզող Աւետարանիչ, սպասարկութեան եւ ծառայութեան ռահվիրայ, բարեխօս եղիր քու առջեւդ կանգնած սարկաւագաներու, վարդապետներու եւ եպիսկոպոսներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ բոլորիս մէջ վառ պահէ մշտավառ կանթեղը Լուսաւորչին։

Օրհնութեան շարականի երգեցողութեան կը յաջորդէ «Ընդ երկնային հոգեղիկնաց դասքն, այսօր տօնեմք ըզյիշատակ սրբոյն ստեփաննոսի» շարականը եւ Ս. Ստեփաննոսի մասունքակիր աջը շրջիլ կը սկսի եկեղեցւոյ շրջակայքը։ Ո՛չ միայն ծէսի խորաթափանց կիրառումը, այլեւ երգեցողութեան հիասքանչ արձագանգը առիթ կը դառնայ, որ արարողութիւնը մշտէ մեր ներսիդին եւ առիթ դառնայ, որ մեր մէջ հիւսենք խաղաղութեան պարիսպները եւ մնանք խաղաղութեան մէջ։ Եկեղեցւոյ մէջ ձայնը կը հնչէ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն սարկաւագներէն Արտակ սարկաւագին զուարթագին ձայնը եւ արձագանգած ձայնով կը լեցուի պատմական տաճարը, հիմքերէն մինչեւ բարձրագոյն կաթողիկէն։ Շարականի երգեցողութեան ընթացքին ժողովուրդը կը խուժէ սրբազան հօր վրայ, իր պարանոցը կը խոնարհեցնէ առաջի մասունքին եւ կը խնդրէ, որ աջով օրհնութիւն ստանայ։ Թափօրը կը դառնայ, շարականները կը հնչեն եւ յաջորդիւ հոգեւորականներս կը խոնարհինք առաջի մասունքին եւ զայն համբուրելով կը հայցենք իր օրհնութիւնը։

Շարականները իրենց աւարտին հասան եւ ահա ժամանակն է «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքի կատարման եւ Ս. Ստեփաննոսը, Պոլսոյ երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի բառերով յատուկ ձեւով յիշատակելով իր բարեխօսութիւնը խնդրելու պահը. «Բարեխօսութեամբ Նախընծայ սարկաւագաց պսակաւոր առաջնորդին, հրաշալի աստուածաբանութեամբ պսակեալ վարդապետին, քարաձիգ կոշկոճմամբ պսակազարդ մարտիրոսին, Առաքինեաց ռահահորդ պսակալոյս նախավկային, Երկնային տեսութեամբ պսակատու Ստեփաննոսի. որոյ այժմ կատարեմք զյիշատակ, նորին աղօթիւք եւ բարեխօսութեամբ օրհնեա՛ Տէր եւ զօրացո՛ զդասս սարկաւագաց սրբոյ սեղանոյն, եւ զերամս դպրաց Տանն Աստուծոյ, եւ զխաղաղութիւն եւ զմեծ զողորմութիւն քո պարգեւեա մեզ, մարդասէր Տէր»։ Ամէն։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով, որմէ յետոյ Առաքել Սրբազանը, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեան համար, ըստ որում առաջին անգամ Ս. Ստեփաննոսի տօնին նման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցած էր Ս. Ստեփաննոսի մասունքի ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռոյ լուսարարապետ սրբազանին, վարդապետներու եւ սարկաւագաց դասու մասնակցութեամբ։ Այս առթիւ յայտարարեց, թէ մասունքը ժամ մը եւս պիտի մնայ տաճարին մէջ, որպէսզի հաւատացեալներ անհատապէս մօտենան եւ իր օրհնութիւնը հայցեն։ Վերջին օրհնութենէն յետոյ, ես ալ նման ժողովուրդին, առիթը ունեցայ առաւել եւս մօտէն մերձենալու շղարշածածկ սուրբ մասունքին եւ ճաշակելու իր քաղցրութիւնը։ Ոսկեպատ աջ մը, որուն վրայ քանդակուած են բազմաթիւ զարդարանքներ, ինչպէս նաեւ Ս. Ստեփաննոսի վերջին աղօթքի պահը։ Բաց աստի իր վրայ կը գտնուին թանկագին քարեր եւ աջին շղթայով միացած է նաեւ փոքրիկ լանջախաչ մը եւս։ Արարողութեան աւարտին առիթն ունեցայ նաեւ միւս փոքրիկ երկու մատուռները եւս այցելելու եւ կարճ աղօթք մը հնչեցնելու իրենց մէջ։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ

Կեչառիսի վանքին մէջ հանդիսաւոր պահերէն յետոյ, լուսարարապետ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ սարկաւագաց դասու անդամները եւ ներկայ վեղարաւորներս համախմբուեցանք Կոտայքի առաջնորդարանի մէջ եւ ընդունուեցանք Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին առաջնորդ Առաքել Սրբազանը եւ Մայր Աթոռոյ երէց եպիսկոպոսներէն Նաթան Սրբազանը։ Այս պահը նուիրական էր, քանի սարկաւագները ամենէն բարձր մակարդակէ շնորհաւորանքի կ՚արժանանային եւ անոնք իրազեկ կը դառնային, թէ կարեւոր էր եկեղեցւոյ մէջ իրենց դիրքը։

Այս պահը առիթ եղաւ որ, սարկաւագներ լսեն Հայրապետական պատգամն ու քաջալերական խօսքերը ուղղեալ իրենց։ Սարկաւագութիւնը քանի խորհրդանիշն է հոգեւոր ծառայութեան, եկեղեցական կեանքէ ներս աւելի ամրապնդուելու համար խրախուսական խօսքերը առաւեւ եւս մեծ նշանակութիւն կը շահէին այդ պահուն։ Մի առ մի արտայայտութեանց եւ բովանդակութեան անդրադառնալէ աւելի, կ՚ուզեմ բաժնել դիտարկումներս։ Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական հոգածութիւնը ցոյց կու տայ սարկաւագաց, վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց եւ իր կարելին ի գործ կը դնէ, որպէսզի անոնք առաւել եւս նուիրումով ու գիտակցութեամբ ծառայեն Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդին։ Իսկ սարկաւագներ իրենց որդիական ակնածանքն ու երախտագիտութիւնը կը ցուցաբերեն հանդերձ Հայոց Հօր, որ հայրական հոգածութեամբ կը պարարտացնէ ծառայասիրութեան տենջանքը իրենց մէջ։ Սարկաւագաց սոյն հանդիպումը այլ խօսքով, առիթն էր, որ հայրը ու իր որդիները միատեղուէին Կեչառիսի պատմական համալիրի պատուական հովանիին ներքեւ։ Բախտաւոր կը զգամ այս տեսարանի վկան դառնալով եւ վկայելով, թէ երկօրեայ հանդիպումները կը թագադրուէին սոյն ընդունելութեամբ։ Այս մէկտեղումը առիթ եղաւ, որ բարեմաղթական արտայայտութիւնները վերակրկնուին բազմիցս տարբեր անձերէ եւ նոր տարուայ սեմին բոլոր ներկաներս Վեհափառ Հօր ներկայութենէն բաժ-նըւինք ոգեշնչուածութեամբ։

Այն ինչ որ ներկայացուցի, տեղի ունեցան 23-24 դեկտեմբեր 2021-ին, սակայն փոխանակ ամփոփ տողերու պիտի արժէր դիտարկումներս ներկայացնել առաւել եւս խորանալով անցեալին։ Գրեթէ ամիս մը անցած է այս հիանալի երկօրէն յետոյ, սակայն Կեչառիսի վանական համալիրը այս բոլոր պատմուածքով ու ապրուածութիւններով անջնջելիօրէն դրոշմուեցաւ մտքիս մէջ եւ այսօր ահա այդ պաշարէն դուրս կու գան յիշատակներ, պատգամներ, խորհուրդներ եւ տակաւին ի՜նչ-ինչ խորհրդածութեան նիւթեր։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

28 յունուար 2022, ուրբաթ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Շաբաթ, Յունուար 29, 2022