ԱՆՄԱՀԻ ՄԸ ԿՈԹՈՂԸ

Ս. Զատ­կի տօ­նի մե­ռե­լո­ցը այս տա­րի հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս բնո­րո­շու­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւ­նով մը։ Ե­րէկ, Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րա­նաշ­նորհ գա­հա­կալ­նե­րէն Տ. Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նը։ Հարկ է նշել, որ այս ար­ձա­նը յայտ­նի քան­դա­կա­գործ Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նի ձե­ռա­կերտն է։ Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նի այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը բա­ռին բուն ի­մաս­տով կը պայ­մա­նա­ւո­րէ մե­ծա­նուն պատ­րիար­քի խորհր­դան­շած կեր­պա­րը՝ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ ա­նոր ըն­կալ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Ան ը­սաւ, թէ 17-րդ դա­րուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վրայ բազ­մած էր Կո­լոտ Պատ­րիար­քը, 19-րդ դա­րուն՝ Օր­մա­նեա­նը եւ ա­ւե­լի վերջ ալ՝ կա­րե­ւոր ա­նուն­ներ։ Ուս­տի, Աս­տուած ա­մէն դա­րուն մեծ ձիր­քե­րով օժ­տուած հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ պար­գե­ւած է մեր ա­թո­ռին։ Օր­մա­նեան Պատ­րիարք մեծ աս­տուա­ծա­բան մըն էր, պատ­մա­բան, հա­յա­գէտ, դի­ւա­նա­գէտ ու գիտ­նա­կան։ Իր հե­ղի­նա­կած «Ազ­գա­պա­տում»ը տա­կա­ւին եր­կար դա­րեր ա­պա­հո­վա­բար պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի որ­պէս աղ­բիւր։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց, թէ 1876 թուա­կա­նին Օր­մա­նեան ո­րո­շած էր վե­րա­դառ­նալ իր մա՛յր, բո՛ւն ե­կե­ղեց­ւոյ ծո­ցը ու բարձ­րա­ցած էր մին­չեւ պատ­րիար­քա­կան գահ։ Օր­մա­նեան գա­հա­կա­լած է հա­մի­տեան իշ­խա­նու­թեան ծանր տա­րի­նե­րուն եւ այդ դժուա­րին մթնո­լոր­տին մէջ լաւ կա­պեր հաս­տա­տած՝ կայս­րու­թեան ա­ւա­գա­նիին հետ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը բա­ցատ­րեց, թէ ան են­թար­կուած էր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու զրպար­տու­թիւն­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւած բազ­մա­թիւ դժուա­րու­թիւն­ներ։ Երբ Օր­մա­նեան կ՚են­թար­կուէր հա­լա­ծանք­նե­րու՝ շրջա­նի Սրբա­զան Պա­պը զին­քը հրա­ւի­րած էր վե­րա­դառ­նալ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղե­ցի, սա­կայն ան մեր­ժած էր։

Օր­մա­նեա­նի են­թար­կուած հա­լա­ծանք­նե­րուն շուրջ ցա­ւով ար­տա­յայ­տուե­լէ վերջ՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը շեշ­տեց, թէ իր ա­նու­նը ոս­կէ տա­ռե­րով քան­դա­կուած է մեր պատ­մու­թեան մէջ։ Հա­կա­ռակ հա­լա­ծանք­նե­րուն, ան սի­րով դի­մագ­րա­ւած էր բո­լոր խնդիր­նե­րը ու տէր կանգ­նած՝ իր հօ­տին։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յոր­դո­րեց ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ վեր­յի­շել մեր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը եւ ա­ղօ­թել ա­նոնց հո­գի­նե­րու հանգս­տու­թեան հա­մար։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ քան­դա­կա­գործ Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան շուրջ։ Ան յայտ­նեց, թէ Սա­րա­ֆեան կը պատ­րաս­տէ այս­պի­սի գոր­ծեր, սա­կայն իր խո­նար­հու­թեամբ ու հա­մես­տու­թեամբ կը բա­ցա­կա­յի նոյ­նիսկ բաց­ման հան­դի­սու­թիւն­նե­րէն։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, որ եւս փա­փա­քած էր ներ­կայ գտնուիլ ձեռ­նար­կին։ Գե­րա­պայ­ծա­ռը նշեց, թէ Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նին կանգ­նե­ցուի­լը դի­պուկ ո­րո­շում մըն է, ո­րով­հե­տեւ ան մեծ ե­կե­ղե­ցա­կան մըն է, մեծ հայ մը եւ մեծ գիտ­նա­կան մը։ Հա­յոց վեր­ջին ե­րեք հա­րիւր տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, ըստ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը ծնունդ տուած է եր­կու մեծ դի­ւա­նա­գէտ միտ­քե­րու։ Ա­նոնց­մէ մին ե­ղած է Օր­մա­նեա­նը, իսկ միւ­սը՝ Մխի­թար Աբ­բա­հայ­րը։ Զէ­քիեան վեր­յի­շեց Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի քրոջ աղջ­կան՝ մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­բան Սի­րար­փի Տէր-Ներ­սէ­սեա­նի հետ Փա­րի­զի մէջ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րը եւ այդ ծա­նօ­թու­թեան շրջագ­ծով Օր­մա­նեա­նի մա­սին լսած­նե­րը։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ Օր­մա­նեա­նի նա­մակ­նե­րուն ար­խի­ւը ի պահ դրուած է Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ։ Իր խօս­քե­րով, Օր­մա­նեա­ն ե­զա­կի մե­ծու­թիւն մը ե­ղած է եւ մտա­ւո­րա­կան մը՝ լիար­ժէք ի­մաս­տով։ Թո­ղած է կո­թո­ղա­յին գոր­ծեր եւ այ­սօր եւս կա­րե­լի է դա­սել քա­ղել իր օ­րի­նա­կէն։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ կա­րե­ւո­րեց նաեւ այն հան­գա­ման­քը, թէ Օր­մա­նեան իր շրջա­նին ինչ­պէս ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէր ա­րեւմ­տեան աս­տուա­ծա­բա­նա­կան մտքի զար­գա­ցում­նե­րուն։

Այս ե­լոյթ­նե­րէն վերջ ար­ձա­նին շուրջ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ առ Աս­տուած՝ Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քի հոգ­ւոյ հանգս­տու­թեան հա­մար։

Ա­ւե­լի վերջ գե­րեզ­մա­նա­տան հա­մա­լի­րէն ներս Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ էին Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Վահ­րամ Վար­դա­նեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը եւ ե­րա­նաշ­նորհ Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կը յար­գող բազ­մա­թիւ ան­հատ­ներ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն միա­նալ՝ ար­ձա­նի բաց­ման առ­թիւ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016