ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Մեհտի Էքէր, որ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարարն է, երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքարան այցելեց՝ շնորհաւորելու համար մեր համայնքին Ս. Զատկի տօնը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Մեհտի Էքէրը, որ Նորին Սրբազնութեան անձին մէջ շնորհաւորութիւններ յղեց մեր համայնքին համար։ Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները եւ այլ ազգայիններ։
Մտերմիկ զրոյցէն վերջ Մեհտի Էքէր հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։