ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մը այս տա­րի եւս Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ ա­ռար­կայ դար­ձաւ ե­րէց­նե­րու գուր­գու­րան­քին։ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց յանձ­նեց Տնօ­րէն խոր­հուր­դին կող­մէ պատ­րաս­տուած տա­ղա­ւա­րի նուէր­նե­րը։ Ներ­կայ էին նաեւ խմբա­վար Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեան եւ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Է­րօլ Նու­պար Կիւ­զէլ­տեւ­լէ­թեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Հայր Սուր­բը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ երգ­չա­խում­բի ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան մա­սին եւ ա­նոնց մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ։ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ա­նոնց փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թան­քը, որ­պէս­զի տօ­նա­կան շրջա­նի ու­րա­խու­թիւ­նը լիու­լի ապ­րին, շրջա­պա­տուած ի­րենց ըն­տա­նե­կան սի­րե­լի­նե­րուն կող­մէ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016