ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ։ Այսպէս, մեր այցելութեան եկան Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան քաղաքական կցորդ Ժերեմի Մաս եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսութենէն Թոմաս Տիւմոն։ Հիւրերը զրուցեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին ֆրանսացի դիւանագէտները հետաքրքրուեցան թրքահայ համայնքային կեանքի այժմու ընդհանուր վիճակով եւ առկայ խնդիրներով։ Արա Գօչունեան հիւրերուն հետ բաժնեց իր ընդհանուր դիտարկումները, առկայ խնդիրներուն շուրջ մօտեցումները եւ խօսեցաւ պատկերացուցած լուծման հեռանկարներուն մասին։

Հինգշաբթի, Մարտ 29, 2018