ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Ֆէրիգիւղի վարժարանին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օր «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութիւնով։

Փոքրերու դասաւորման մէջ մրցաշարքին մասնակցեցան չորս վարժարաններու խումբեր՝ Մէրամէթճեան (երկու կազմով), Տատեան, Գարակէօզեան եւ Եշիլգիւղ։ Ֆէրիգիւղցիները եղան յառաջատարը։ Յաջորդեցին Տատեան, Գարակէօզեան, Եշիլգիւղ եւ Մէրամէթճեանի Բ. խումբը։ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ, Լիանա Սիւրմէեան, Շանթ Շէշէթեան եւ Գամէր Էօզեըլմազ յառաջատար եղան իրենց սեղաններուն վրայ։

Աստղերու դասաւորման մասնակից խումբերն էին՝ Մէրամէթճեան, Արամեան-Ունճեան, Պոմոնթի Մխիթարեան, Պէզճեան, Էսաեան, Թարգմանչաց, Սահակեան-Նունեան եւ Եշիլգիւղ։ Ֆէրիգիւղցիները դարձեալ յառաջատար դիրքի հասան։ Անոնց յաջորդեցին Էսաեան, Սահակեան-Նունեան, Թարգամանչաց, Արամեան-Ունճեան, Պոմոնթի Մխիթարեան, Պէզճեան եւ Եշիլգիւղ։ Խաղասեղաններու վրայ լաւագոյն դիրքի վրայ էին Ժիլպէռ-Ժան Սոմէր, Տիրան Քէօսէ, Արէս Պոյաճեան եւ Նիքոլ-Լառա Քարաքուշ։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019