ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, ոգեկոչուեցաւ դպրոցի երբեմնի տնօրէնուհիներէն բանաստեղծուհի Իրմա Աճէմեան։ Օրուան ծրագիրը մշակուած էր հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլուի կողմէ։ Իրմա Աճէմեան եղած էր Արամեան-Ունճեան վարժարանի պատմութեան առանցքային դէմքերէն մին, ուստի երէկուան ձեռնարկն ալ մեծ բծախնդրութեամբ կազմակերպուած էր եւ արժանացաւ Գատըգիւղի ընտանիքի անմիջական ուշադրութեան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Սեսիլ Կիւնտիւզի եւ Նատին Էրլեւենտի։ Տղաքը արտասանեցին Իրմա Աճէմեանի բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Իրմա Աճէմեանի կեանքի ու գործունէութեան ծանօթացման առընթեր յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ բաժիններ՝ իր ամուսնոյն եւ որդւոյն մասին։ Աշակերտները տեղեկութիւններ քաղեցին Իրմա Աճէմեանի ամուսնոյն՝ հեղինակաւոր իրաւաբան Գէորգ Աճէմեանի մասին, որ Իսթանպուլի համալսարանէն ներս դասախօսած էր եւ եղած էր համայնքային յայտնի գործիչ մը։ Տեսանիւթ մըն ալ ներկայացուեցաւ Իրմա Աճէմեանի որդւոյն՝ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի մասին։ Յայտագրի այս փուլերն ալ բոլորի անմիջական ուշադրութեան արժանացան։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի խօսքով, որու ընթացքին ան բիւր յարգանքով վերյիշեց Իրմա Աճէմեանը եւ գնահատեց Նաժտա Տեմիրճիօղլուն եւ սաները, որոնք կազմակերպած էին այս կարեւոր հանդէսը։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի կը լրանայ Իրմա Աճէմեանի (1936-1990) մահուան 30-րդ տարին։

Ուրբաթ, Մարտ 29, 2019