ՍՐՏԱՃՄԼԻԿ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երէկ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նիքոլ Օտապաշըի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիքոլ Օտապաշը վերջին օրերուն եղաւ արկածահար եւ կեանքէն հեռացաւ անժամանակ։ Այս պարմանուհիին կորուստը խոր ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Թրքահայ կեանքէն բազմաթիւ անձեր իսկապէս ցնցուեցան՝ շատ երիտասարդ տարիքով վրայ հասած այս կորուստին դիմաց։ Բոլորը իր ընտանիքին հետ կը սգան Նիքոլ Օտապաշըի կորուստը։

Այս դառն մթնոլորտին մէջ երէկ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ Նիքոլ Օտապաշըին։ Բառին բուն իմաստով սրտաճմլիկ արարողութիւն մըն էր, որու ընթացքին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ եկաւ ցաւակցելու լուսահոգի Նիքոլ Օտապաշըի ընտանիքին։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նորոգ հանգուցեալ երիտասարդուհիի ընտանիքը փորձեց մխիթարել։ Յամենայնդէպս, եկեղեցին բերնէ բերան լեցուցած յուղարկաւորները համամիտ էին, որ դժուար էր մխիթարական խօսքեր գտնել այս ծանր իրավիճակին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ հայրական յատուկ գուրգուրանքի առարկայ դարձուց թէ՛ Նիքոլ Օտապաշըի ծնողները եւ թէ անոր փոքր եղբայրը։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որու կողքին էին բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանին կողմէ ալ յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Նորոգ հանգուցեալ Նիքոլ Օտապաշըի սպիտակ դագաղը լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը զետեղուած էր մահաբեմին վրայ ու զարդարուած թարմ ծաղիկներով։ Բոլոր սգաւորները համախմբուած էին անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ եւ աղօթք արտասանեցին, որպէսզի անմեղ երիտասարդուհիին յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ ու հանգիստ։

Յուղարկաւորութենէն վերջ Նիքոլ Օտապաշըի մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր թաղման կարգին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս փուլին եւս ներկայ գտնուեցաւ եւ բոլորը ցաւ ի սիրտ Նիքոլ Օտապաշըի անշնչացած մարմինը դրին հողակոյտին մէջ։

Այս առթիւ անգամ մը եւս մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք Նիքոլ Օտապաշըի սգաւոր ծնողներուն, համայն ընտանիքին եւ բոլոր սիրելիներուն։

  

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023