ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՔԷՐՄԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Էսաեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը վերջին երկու օրերուն առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Ծնողաց միութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ ջանքերով վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած այս աւանդական ձեռնարկը իսկապէս փայլուն անցաւ՝ ինչպէս այցելուներու թիւին, այնպէս ալ ներկայացած առարկաներու ճոխութեան ու որակին տեսակէտէ։
Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ զե-տեղուած տաղաւարներուն շուրջ վերջին երկու օրերու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Էսաեան վարժարանի համակիրները, ինչպէս նաեւ զանազան թաղերէ փութացած այցելուներ սպառեցին քէրմէսին շրջագծով իրենց տրամադրութեան տակ դրուած իրեղէնները։ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ երկօրեայ քէրմէսի ընթացքին զանազան առիթներով դպրոցի սրահը այցելութեան փութալով խրախուսեցին կազմակերպիչները։
Այսօր եզրափակուած քէրմէսին նախաձեռնակ հանդիսացած խումբին մաս կազմեցին հետեւեալ անունները.
Զեփիւռ Կիրակոսեան, Նատիա Զիւլէմեան, Շնորհիկ Չեթինէլ, Անի Պահարօղլու, Կիւլվարդ Պահարօղլու, Սիւզան Պորա, Պերճուհի Օվակիմ, Պրիան Շիլէլեան, Մարի Սարաճեան, Կիւլիզար Ահպապ, Խաթուն Քըլըչտաղ, Վարդանոյշ Տուրմազկիւլէր, Կիւնայ Մերմէր, Զէքիյէ Պաշ, Սօնա Քէշիշօղլու, Նազլը Պոզ, Նուարդ Խաչերեսեան, Վարդուհի Ֆենտ, Անժէլ Այտէտէ, Ֆիլոր Կազէրօղլու, Պելինտա Տօնապետեան, Լիտիան Եշիլթէփէ, Արիանա Ճումկազէրօղլու, Անոյշ Ույանըք, Հելէն Մուրատճըօղլու, Սօֆիա Ավճը, Գառլին Կէօրալ, Սունա Տէմիրճի, Քարմէն Թորոսօղլու, Թալին Մանթօ եւ Իմաստուհի Կիւնկէօրմէզէր։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024