ՈՒ ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԱՂՋԻԿՆԵՐԻ ՀԵԶԱՃԿՈՒՆ ՊԱ՛ՐՆ ԵՄ ՍԻՐՈՒՄ…

Չա­րեն­ցի տո­ղե­րը մեր մտքին մէջ էին ե­րէկ ե­րե­կո­յեան. «… Ու նա­յի­րեան աղ­ջիկ­նե­րի հե­զաճ­կուն պա՛րն եմ սի­րում…»։ Ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծին տո­ղե­րը վե­րար­ժե­ւո­րուե­ցան մեր ա­կա­նա­տես ե­ղա­ծով։ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը կա­խար­դա­կան ե­լոյթ մը պար­գե­ւեց թրքա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն։

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­րի պե­տա­կա­նին ե­լոյ­թը։ Ձեռ­նար­կը բո­լոր ա­ռում­նե­րով ար­դա­րա­ցուց իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը եւ ինչ­պէս ար­դէն կը նա­խա­տե­սուէր՝ ան­մո­ռա­նա­լի դար­ձաւ բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ա­ւե­լի քան ե­րեք ժա­մուան եր­կար ծրա­գիր մը պատ­րաս­տած էին հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար։ Մթնո­լոր­տը այն­քան տպա­ւո­րիչ էր, որ ա­ռանց պահ մը իսկ ձանձ­րա­նա­լու, շուրջ եր­կու հա­զար հան­դի­սա­տես­նե­րը մագ­նի­սա­ցած ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ե­րե­կոյ­թի յայ­տագ­րին, ո­րու ող­նա­յա­րը կազ­մե­ցին Պա­րի պե­տա­կա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցած պա­րե­րը։ «Մա­րալ»ի տղաքն ալ ա­նան­տե­սե­լի յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­ցին եւ ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն, բնա­կա­նա­բար, ան­բա­ցատ­րե­լի հպար­տու­թիւն մըն էր Պա­րի պե­տա­կա­նին հետ նոյն բե­մը բաժ­նե­լը։

Ե­րա­զա­յին ե­րե­կոյթ մը ապ­րե­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րը, ո­րոնք ա­կա­մայ զարթ­նե­ցան՝ յայ­տագ­րի ա­ւար­տի ո­րո­տըն­դոստ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։ Ե­րա­զա­յին այդ բնո­րո­շու­մը իս­կա­պէս չա­փա­զան­ցու­թիւն չէր, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րը պահ մը կը մտա­ծէին, թէ ի­րա­կա­նու­թի՞ւն էր ի­րենց տե­սա­ծը, այդ պատ­կա­ռե­լի տե­սա­րա­նը։ Եւ այդ­քան կեդ­րո­նա­ցած ծրագ­րին հե­տե­ւե­լէ վերջ, ե­րա­զէ մը արթն­նա­լու նմա­նու­թեամբ՝ բո­լո­րը պահ մը կը դժուա­րա­նա­յին բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը յի­շե­լու։ Պա­րի պե­տա­կա­նը բա­ռին բուն ի­մաս­տով անն­կա­րագ­րե­լի աշ­խարհ մը ա­ռաջ­նոր­դեց իր հան­դի­սա­տես­նե­րը, ո­րոնք այդ աշ­խար­հին մէջ նոյ­նա­ցան խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ, վե­րա­ցան ա­նոր ո­րա­կով ու մա­կար­դա­կով, տպա­ւո­րուե­ցան ճկուն շար­ժում­նե­րով, պա­րե­րու թա­փով եւ ե­րաժշ­տու­թեան հմայ­քով։

Ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կը հա­մախմ­բեց մեր հա­մայն­քէն հոծ թի­ւով գե­ղա­րուես­տա­սէր­ներ, ո­րոնց շար­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րեր, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չուե­ցաւ շնոր­հիւ հա­մայն­քա­յին յայտ­նի ու ե­րախ­տա­շատ բա­րե­րար Ա­րէտ եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լին։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ձեռ­նար­կը պա­տուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, որ կա­զա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած յու­շա­նուէ­րը յանձ­նեց Եր­կա­նեան­նե­րուն։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեանն ալ յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րը­նին, որ եւս ան­փո­խա­րի­նե­լի նպաստ մը բե­րած է այս վիթ­խա­րի ձեռ­նար­կին։ Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով բե­մին վրայ յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թին։

Հարկ է ար­ձա­նագ­րել, որ այս ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նե­ցաւ «Մա­րալ»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քան, որ գեր­մարդ­կա­յին ջան­քով մը հա­մա­կար­գեց ամ­բողջ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ան ա­մուր գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պեր հաս­տա­տեց Պա­րի պե­տա­կա­նի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն՝ Է­րիք Չան­չու­րեա­նի, Ա­սա­տուր Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Հայկ Գրի­գո­րեա­նի հետ։ Բաց աս­տի, Կար­պիս Չափ­քան յա­ջո­ղե­ցաւ զօ­րա­շար­ժի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քէն ներս, ո­րու բո­լոր օ­ղակ­նե­րը՝ պա­րող ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ ձեռ­նար­կի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը Կար­պիս Չափ­քա­նի ե­ռան­դին ու փոր­ձա­ռու­թեան հե­տե­ւե­ցան մեծ կար­գա­պա­հու­թեամբ։ Հե­տե­ւա­բար, Կար­պիս Չափ­քա­նի տե­սած գոր­ծը ա­մէն գնա­հա­տան­քէ վեր կը հա­մա­րուի՝ ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կի պատ­կա­ռե­լի ար­դիւն­քի լոյ­սին տակ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016