ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Այսօր յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կը գումարուի Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ ատենապետութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Սա Կրօնական ժողովի երկար սպասուած նիստն է, որ պիտի գայ սկիզբը դնել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։ Ժողովական հայրերը քննարկումներու լոյսին տակ ճանապարհային քարտէս մը պիտի ճշդեն պատրիարքական ընտրութեան համար եւ այդ հիման վրայ պիտի շարունակուին աշխատանքները։ Կրօնական ժողովի այսօրուան նիստին զուգահեռ կը նախատեսուի, որ անմիջապէս դիմում կատարուի նաեւ Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ նոր պատրիարքը ընտրութեան գործընթացը պատկան իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցնելու եւ համակարգելու առաջադրութեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019