ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ. ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթի եզրափակիչը։ Այս տարի 24-րդ անգամ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։ Միութեան վարչայիններէն Մարալ Էպէօղլու-Սաթարի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Այս տարի ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած Արամեան սանուց միութիւնը կազմակերպած էր մրցոյթը՝ քանի անցեալ տարի այս միութեան խումբը եղած էր յառաջատարը։

Այս տարուան մրցոյթի փուլերը ընթացան ինչպէս հիւրընկալ սանուց միութեան, այնպէս ալ Տատեան վարժարանի եւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահներուն մէջ։

Երէկուան եզրափակիչը վառ հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Արդիւնքին առաջին հորիզոնականը նուաճեց Մխիթարեանի խումբը։ Դափնեկիրներու շարքին դասուեցան Արամեան սանուց միութեան եւ Կեդրոնական սանուց միութեան խումբերը։

Մրցոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, նաեւ շնորհաւորեց դափնեկիրները։

Յաջորդ տարի, 25-րդ մրցոյթը պիտի կազմակերպուի Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2023