ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համաշխարհային երգչախմբային երաժշտութեան գիտաժողովը (WSCM), որ պիտի եզրափակուի վաղը։ Միջազգային երգչախմբային երաժշտութեան դաշնակցութեան (IFCM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համաշխարհային մակարդակով ամենամեծ ձեռնարկն է այս մէկը, որ Իսթանպուլի մէջ համախմբած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն երգչախումբեր։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանակին մէջ բացառիկ յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։ Երգեհոնով ընկերացաւ Լիւսի Գահվէճիօղլու։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սանթա Մարիա Տրափերիս եկեղեցւոյ մէջ, Պէյօղլու։ Վարդանանց երգչախումբը մեկնաբանեց հայկական եկեղեցական երաժշտութենէն նմոյշներ. օրինակ՝ «Տէր ողորմեա», «Սուրբ Սուրբ», «Օրհնեսցուք զՏէր», «Քրիստոս պատարագեալ», «Հայր մեր» եւ «Գովեա Երուսաղէմ»։
Երեկոյթին հետեւեցան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները։ Երգչախումբի անդամները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան՝ այս փայլուն յաջողութենէն վերջ։ Սա իրենց արդար իրաւունքն էր՝ քանի կարեւոր նուաճում մը արձանագրուած է՝ միջազգային մակարդակի վրայ։
Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկին մասնակիցները վաղն ալ կիրակնօրեայ արարողութեան պիտի մասնակցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի լսեն Կոմիտասեան եղանակով հայկական Ս. Պատարագ մը։