ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔ
Պոմոնթիի «Իւչկէն» գեղարուեստից աշխատանոցի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասընթացքներու մասնակիցները շաբաթավերջին իրենց ստեղծագործական աշխատանքին պտուղները ներկայացուցին հանրութեան։ Քաղաքիս պուլկարական առաջնորդարանի համալիրէն ներս, Շիշլի, տեղի ունեցաւ խառն ցուցահանդէս մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս աշխատանոցի մօտ վերջին տարիներուն հինգ տարեկանէն սկսեալ զանազան սերունդներէ անձերու համար կը կազմակերպուին դասընթացքներ։ Նկարչութեան առընթեր յախճապակիի եւ ապակիի վրայ ստեղծագործութիւններու ուղղութեամբ պատրաստութիւն կը տեսնեն աշխատանոցի մասնակիցները։ Պատասխանատուներն են՝ մեր յայտնի արուեստագիտուհիներէն Ժանին Փափազեան, Անի Չիմէն, Մելթէմ Ենիկիւն, ինչպէս նաեւ Ռուբէն Էրօլ Քիւրքճիւօղլու եւ Էմրէ Աթըրճը։
Տարեվերջի ցուցահանդէսի շրջագծով ներկայացուած են աշխատանոցի փոքրիկ մասնակիցներուն գործերը, ինչպէս նաեւ չափահասներու նկարչութեան եւ յախճապակիի աշխատանքները։ Այս տարի դասընթացքներու մասնակից 36 հոգիի գործերը ներկայացուեցան ցուցահանդէսի ծիրին մէջ։ Ժանին Փափազեան, Անի Չիմէն եւ Մելթէմ Ենիկիւն վերահսկած էին փոքրիկ նկարիչներուն աշխատանքը։ Ռուբէն Էրօլ Քիւրքճիւօղլու գլխաւորած էր չափահասներու նկարչութեան աշխատանոցը, իսկ Էմրէ Աթըրճը առաջնորդած՝ յախճապակիի մշակումները։
Ձեռնարկի տեւողութեան Անի Չիմէն հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, դասընթացքի մասնակիցներուն յանձնուեցան վկայականներ։ Աւարտին սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ալ շարունակուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտը։