ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ հերթական գիտական խրախճանքը, որ 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Միջվարժարանային այս ծրագիրը վերջին տարիներուն կեանքի կը կոչուի հետեւողականօրէն եւ արդէն ստացած է աւանդական բնոյթ մը։ Ամէն տարի ամրան արձակուրդին ընդառաջ, համայնքային միջնակարգերու սաները կը համախմբուին Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ, ուր ոգեւոր մթնոլորտով մը իրարու հետ կը բաժնեն իրենց տարած աշխատանքին, իրենց գիտական միտքի զարգացման արգասիքները։ Այս տարի ալ եղաւ այդպէս։ Վարժարանի զանազան դասարանները կամ բաժինները յատ-կացուած էին խրախճանքի մասնակից դպրոցներու խումբերուն, որոնց իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր իր գիտական ծրագիրը։

Հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Թալին Նայիր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց բոլոր աշակերտական խումբերը, որոնք գլխաւորուած էին գիտութեան ուսուցիչներուն կողմէ։ Մինչ տղաքը ներկայացուցին իրենց նախագծերը, գիտութեան ուսուցիչներն ալ ուշադրութեամբ հետեւեցան անոնց աշխատանքին։ Կէսօրին բոլորը ճաշեցին միասնաբար եւ աւելի վերջ գիտութեան ուսուցիչները առանձնանալով արժեւորեցին օրուան նախագծերը։ Այս խրախճանքի աւարտին, բնոյթին բերումով, դափնեկիրներու անուններ չեն հրապարակուիր, սակայն գիտութեան ուսուցիչները իրենց արժեւորման արդիւնքները բաժնեցին աշակերտներուն հետ եւ պարքովիզիոնի ցուցադրութեան զուգահեռ ընդգծեցին յատկանշական գործերը։

Գիտական խրախճանքին ծրագիրը աւարտին հասաւ վարժարաններու գիտութեան ուսուցիչներուն յանձնուած մասնակցութեան վկայականներով եւ Թալին Նայիրի եզրափակիչ խօսքով։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017