ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԸ
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց կազմի համերգը։ Այսպէս, Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբը տեւականացուց անցեալ տարուան յաջողութիւնը եւ արդէն գեղարուեստասէրներուն ներկայացաւ նոր համերգով մը։ Ընդհանրապէս մանկանց երգչախումբի ընտանեկան անդամներէն բաղկացեալ ունկնդիրներու բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը, ուր ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Հարկ է նշել, որ այս համերգը ձօնուած էր Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին։
Ձեռնարկը սկսաւ Լուսին Պաղճըի ողջոյնի խօսքով։ Ներկայ էին Լուսաւորիչ երգախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ հիւրեր։ Լուսաւորիչ երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։
Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբը իր ծրագիրը գործադրեց խմբավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Դաշնակով նուագակցեցաւ Մելինէ Թեմելճի։ «Իմ Կոմիտաս» խորագրեալ համերգի ընթացքին մանկանց երգչախումբի մենակատարներուն արձանագրած յաջողութիւնն ալ անանտեսելի էր։ Այս երգչախումբը մօտաւոր անցեալին ունեցած է ղեկավարի փոփոխութիւն եւ ըստ երեւոյթին այդ անցումը կազմակերպուած է յաջող ձեւով։ Սէրճան Կազէրօղլու մանկանց կազմի անդամներուն յաջողած է ներշնչել եռանդ ու խանդավառութիւն։
Համերգի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ Բոլոր ներկաները իրենց համակրանքը արտայայտեցին Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբի նկատմամբ եւ յոյս յայտնեցին, թէ պիտի ողջունեն անոր ապագայ յաջողութիւնները։