25-ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Արարողութեան ընթացքին նշուեցաւ սոյն եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի քահանայագործութեան 25-ամեայ յոբելեանը։

Արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Այս առթիւ մեծարեալ վարդապետը յուշանուէրներ ստացաւ Զէքիեան Գերապայծառի, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայի կողմէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2017