ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբի հերթական համագումարը։ Ակումբի վարչութեան նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասու գլխաւորեց համագումարի դիւանը։ Ժողովականները ունկնդրեցին ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան գործունէութեան եւ հաշուետուութեան վերաբերեալ տեղեկագիրները։ Արթօ Փեհլիվանեանի կողմէ ընթերցուած այս տեղեկագրերու վաւերացումէն վերջ քուէարկութեան ձեռնարկուեցաւ նոր վարչութեան ընտրութեան համար։ Շիշլի մարզակումբի նոր վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.

Ալէն Թեքպըչաք, Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն, Արեգ Տոլար, Զարեհ Քարաքաշ, Ռաֆֆի Քայըքճը, Սարվէն Չաքմաք, Վարուժան Սոմունճեան եւ Սեւան Քըլըճեան։

Պահեստիներ՝ Մարալ Ըշըքպայ, Ճուլիա Այսէլի, Ռուտի Պէրպէրօղլու, Թալին Պօղոսեան եւ Սարօ Սարաֆեան։

Աջակիցներ՝ Քրիստին Կիւլթաշեան, Լեռնա Արզուման, Ասլին Ուսթաարամօղլու, Ճան Տուրասլան, Արտէն Եանար, Վարդան Պալմումճեան եւ Արա Թոփաքեան։

ԵՂԱՆԱԿԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները եզրափակուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած եղանակի փակման հաւաքին մասնակցեցան Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները, դասընթացքներուն մասնակից մարզիկները, մարզիչները, հին վարչայիններ, մասնակիցներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Ակումբի նախկին ատենապետներէն Արման Մանուկեանի յիշատակին ձօնուած պասքեթպոլի մրցաշարքի աւարտականն ալ տեղի ունեցաւ նոյն ծիրին մէջ։ Դասընթացքներու մասնակիցներուն յանձնուեցան վկայականներ, մետայլներ եւ իրենց արձանագրած զարգացման վերաբերեալ տուեալներ։

Ձմրան դասընթացքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ հրապարակուին նաեւ յառաջիկայ ամրան Գնալը կղզիի մէջ նախատեսուած դասընթացքները։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018