ՓԱՅԼԱՆԷՆ ՆՈՐ ՀԱՐՑՈՒՄ

Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վերջին դէպքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջին շրջանին խորհրդարանէ ներս իրերայաջորդ հարցադրումներով օրակարգի վրայ կը բերէ թրքահայ համայնքի վերաբերեալ զանազան հրատապ խնդիրները։ Մօտաւոր անցեալին ան գործադիր իշխանութիւններուն հարցադրումներ հասցէագրած էր Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէպքին եւ համայնքի առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին շուրջ։ Ան երէկ ալ Գուզկունճուքի վերջին դէպքին շուրջ խորհրդարանի նախագահութեան ուղարկեց հարցում մը։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնադրութեան 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութեան հիման վրայ երեսփոխանը գրաւոր պատասխան պահանջեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայէն։

Կարօ Փայլան հարցադրման մէջ մատնանը-շեց, որ Իսթանպուլի եկեղեցիները մօտաւոր անցեալին քանիցս ատելութեան յարձակումներու ենթարկուած են։ Սրբավայրերու դռներուն վրայ գրուած են արտայայտութիւններ, որոնք խտրականութեան եւ ատելութեան խօսոյթ կը բովանդակեն։ Հրկիզման փորձ կատարուած է եկեղեցիներու դռներու, նոյնիսկ զինեալ յարձակման նախաձեռնութիւններ եղած են։ Փայլան դիտել տուած է, որ Հանրապետութեան նախագահին կամ նախարարներուն կողմէ այս բոլորը որեւէ յայտարարութիւնով չեն պախարակուած։ Մինչդեռ, իր համոզմամբ, նախագահ մը լռութիւն պէտք չէ պահէր սրբավայրի մը դէմ գործուած ատելութեան յարձակման պարագային։ Անպատիժ մնացած, չպախարակուած ատելութեան յանցագործութիւնը կրկնուած է։ Սկիւտարի մէջ, Իսթանպուլ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչի զգետնումով ատելութեան նոր յանցագործութիւն մը եւս կատարուած է։

Այս բոլորի լոյսին տակ երեսփոխանը օրակարգի վրայ կը բերէ շարք մը հարցումներ։ Այսպէս, ի՞նչ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին երաշխաւորելու համար անվտանգութիւնը փոքրամասնութիւններու սրբավայրերուն, որոնք յաճախակիօրէն յարձակման կ՚ենթարկուին։ Ինչո՞ւ չեն կասեցուիր հայկական եկեղեցիներու դէմ կատարուած ատելութեան յարձակումները։ Ինչո՞ւ չեն պախարակուիր եկեղեցիներու դէմ գործուած ատելութեան յարձակումները։ Միթէ կարելի՞ է կասեցնել ատելութեան յանցագործութիւնները՝ մինչ կը շարունակուին Հանրապետութեան նախագահի «թուրի աւելցուկներ» նման խօսոյթները։ Եկեղեցիներու դէմ գործուած ատելութեան յանցագործութիւններու չկասեցուիլը միթէ խտրականութեան յանցագործութիւն մը չէ՞։ «Եթէ այս ատելութեան յանցագործութիւնները ոչ թէ եկեղեցիի, այլ մզկիթի դէմ կատարուած ըլլար, ապա լռութիւն պիտի պահէի՞ք», հարց տուած է Կարօ Փայլան։

*

Ծ.Խ.- Խորհրդարանէ ներս փոքրամասնութիւններու եւ թրքահայութեան առկայ հարցերուն հնչողութիւն ապահովելու հնարաւորութիւնը ունի անգնահատելի արժէք։ Կարօ Փայլան այդ գործը հետեւողականօրէն կը տեսնէ իր քայլերով՝ ընդդիմադիր երեսփոխանի դերակատարութեան յարիր, բնականաբար։ Յամենայնդէպս, իր հնչեցուցած ահազանգի արժէքին տեսակէտէ հարիւր տոկոսով նպատակայարման ըլլալ չի թուիր այն բանաձեւումը, որով այս խնդիրը կը մատուցուի եկեղեցւոյ եւ մզկիթի միջեւ նախընտրութեան մը, նախապատուութեան մը հունին մէջ։ Սա քննադատութիւն մը չէ, այլ կենսական նշում մըն է, որպէսզի խորհրդարանէ ներս համայնքի առկայ հարցերուն հնչողութիւն ապահովելու հնարաւորութեան արժէքը մնայ բարձրակէտին վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020