ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ էին «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ շարք մը համակիրները։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ ներկայացուեցան համոյթի մօտալուտ 45-ամեակին առթիւ մշակուած յոբելենական ծրագրին շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց համոյթին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը թէ՛ գեղարուեստական առումով եւ թէ պոլսահայ համայնքի երիտասարդ տարրերու համախմբման տեսակէտէ։

Հուսկ, հիւրերը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը՝ յոբելենական շրջանի աշխատանքներուն թափ տալու ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2024