ԴԷՊԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅ

Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին խան­դա­վառ հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի 2014-2015 տա­րեշր­ջա­նի հունձ­քին։ Այս առ­թիւ Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան փայ­լուն հան­դէս մը։ Տղա­քը նախ հա­ւա­քա­բար լու­սան­կա­րուե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս եւ ա­ւե­լի վերջ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին վար­ժա­րա­նի եր­ջան­կա­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր Տ. Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեա­նի շիր­մին մօտ։ Ա­ւե­լի վերջ օ­րուան յայ­տա­գի­րը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման տա­ճա­րին մէջ, ուր ա­նոնց հան­դի­սա­ւոր մուտ­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ըն­կա­լուե­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։ Կեդ­րո­նա­կա­նը այս տա­րի ու­նի 55 շրջա­նա­ւարտ։

Շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցան Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, ե­րես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կար­պիս Պալ­մում­ճու, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ կեդ­րո­նա­կան­ցի­ներ եւ հիւ­րեր։ 

Հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սիլ­վա Գու­յում­ճեան։ Յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին նաեւ Շանթ Էս­մէ­րի դաշ­նա­կի նուագ­նե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը մի առ մի ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը, հիւ­րե­րուն ձե­ռամբ, ո­րոնք ար­տա­սա­նե­ցին շնոր­հա­ւո­րու­թեան հա­կիրճ խօս­քեր։ Դափ­նե­կիր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ա­ռար­կայ դար­ձան բո­լո­րի գնա­հա­տան­քին։

Վկա­յա­կան­նե­րու բաշ­խու­մէն վերջ Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կի հատ­ման ժա­մա­նակ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հա­սաւ գա­գաթ­նա­կէ­տին։

 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015