ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին՝ նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, ուխտաւոր դպիրներ եւ կոկիկ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։ Եկեղեցւոյ համար սոյն տօնակատարութիւնը յատկանշական էր, քանի որ զանգակները կ՚աւետէին 175-ամեայ աղօթքի տան կենդանութիւնը։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան, Սարգիս Ուրարա-կիր Դպիր Բարսեղեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, հանդիսապետ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ անուան վրայ յենլով տպաւորիչ քարոզ մը խօսեցաւ եւ բացատրեց, թէ ի՞նչ կը նշանակէ առաքելական ըլլալ։ Անցեալին, հայ ժողովուրդին մէջ տարածուած սխալ ուսուցումներու հետեւանքով, հարցադրուած էր իր առաքելականութիւնը։ Տասնեակ տարիներ յետոյ, եկեղեցին իր առաքելականութիւնը ապացուցանելով, նոյնինքն իր հոգեւոր կեդրոնին մէջ կը հիւրասիրէր քոյր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքերուն մէջ գնահատեց Տիգրան Գէորգեանի ատենապետութեամբ գործող թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց ջանքերով Պոլսոյ հեռաւոր այս եկեղեցին գուրգուրանքը կը վայելէր մեր ժողովուրդին։ Եկեղեցւոյ ներքին ու արտաքին տեսքը կը վկայէր այս իրողութեան։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Եկեղեցիներ սովորաբար կ՚անուանուին մէկ կամ երկու սուրբերու անունով։ Իսկ, Գանտիլլիի մեր եկեղեցին ծանօթ է Քրիստոսի տասներկու առաքեալներու անուններով։ 175-ամեայ եկեղեցին, Գանտիլլիի բարձունքէն կը վկայէ Հայ Եկեղեցիին առաքելականութեան եւ հայ քրիստոնեայ հաւատացալին քրիստոսահաստատ եւ առաքելահիմն հաւատքին։ Առաքեալներ ղրկուեցան աշխարհ, Քրիստոսէ ստացած իրենց իշխանութեամբ։ Բոլորն ալ պարզ մարդիկ էին եւ Քրիստոսով արժէք ստացան։ Այնուհետեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը կանչուի իր տկարութիւնը տեսնելու առաջի Աստուծոյ եւ ապա՝ Քրիստոսէ ստանալ կարողութիւն»։ Իր խօսքերու աւարտին, ներկաները հրաւիրեց առաքեալներու ճամբով տեսնելու՝ Քրիստոսը, որ է Եկեղեցւոյ գլուխը։
Ս. Պատարագի աւարտին կազմուած թափօրը ուղ-ղըւեցաւ աջակողմեան մատրան մուտքը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներուն, հիմնադիրներուն, ծառայողներուն, բարերարներուն, ներկայ բարերարներու հանգուցեալ պարագաներուն եւ հանգուցեալ թաղեցի հաւատացեալ ժողովուրդին հոգւոցն ի հանգիստ։
Արարողութեան աւարտին հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւնը։ Սրբազան Հայրը ի ձեռին ունենալով բազմաթիւ մասունքներու զետեղուած Ս. Խաչը, օրհնեց եկեղեցին, թաղեցիները եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Հաւատացեալներ եւս մասնակցեցան «Ամէն. Ալէլուիա»ի ձայներուն, որոնք կը բարձրանային այս գողտրիկ եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Վերջին օրհնութենէ յետոյ, ներկայ ուխտաւորներ վայելեցին գեղեցիկ անակնկալ մը եւս։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը 175-ամեակի առթիւ պատրաստած էր յուշաքար մը, վասն պանծացման 175-ամեայ Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ, ի յիշատակ հանգուցեալ սպասաւորաց եւ բարերարաց։ Սրբազան Հայրը, վերցնելով շղարշը, բացումը կատարեց փոքր յուշաքարին։
Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին, ներկաներ բոլորուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Տիգրան Գէորգեան, խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք նոյնիսկ ամրան տաք օդերուն, յանձն առած էին մասնակցիլ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Հանդիսապետ Սրբազան Հօր, ներկայ հոգեւորականներուն եւ դպիրներուն եւս իր երախտիքը յայտնեց, քանի որ եկեղեցւոյ 175-ամեակը հոգեւոր հրճուանքով տօնուած էր։