ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Այսու կը ծանուցանենք թէ 28 Յունիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը ժողովին տեղեկութիւն փոխանցեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հետ ունեցած իր հանդիպումին մասին։ Բարձր. Տ. Գարեգին Սրբազան Հայրը, Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հօր յայտնած էր, թէ որպէսզի պատրիարքական ընտրութիւնները ունենան առողջ գործընթաց եւ կանխուին հաւանական սխալ հասկացողութիւններ, անհրաժեշտ է իր հրաժարականը։ Նաեւ յայտնած էր, թէ կայանալիք Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումարը պիտի քննարկէ սոյն պարագան եւ որոշում պիտի կայացնէ։ Ուստի Տեղապահ Սրբազան Հայրը, Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հօր առաջարկած էր ինքնաբերաբար ներկայացնել գրաւոր հրաժարական՝ յանուն համերաշխութեան։ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս յայտնած էր, թէ չէ մտադրուած հրաժարական ներկայացնել ու պիտի յարգէ ժողովոյ որոշումները։

Ուստի Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովը, կատարուած քուէարկութեամբ 22 դրական, 2 ժխտական եւ 1 ձեռնպահ քուէով վաւերացուց ստորեւի բանաձեւը եւ որոշեց թէ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեան դադրած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի իր պաշտօնէն եւ ընդհանուր փոխանորդի վայելած իրաւասութիւններէն եւ պատասխանատուութիւններէն։

26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին կատարուած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովը հաստատած էր, թէ Պատրիարքական Աթոռը թափուր է, եւ հանգստեան կոչած՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։

15 Մարտ 2017-ին թափուր մնացած Աթոռին տեղապահ ընտրուած էր Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը, Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովի կողմէ։

Նկատի ունենալով տեղապահի ընտրութիւն կատարուած ըլլալը եւ մեր հնաւանդ եկեղեցական կանոններուն ուղղութեամբ ցնոր պատրիարքի ընտրութիւն, թէ՛ վարչական եւ թէ ներկայացուցչական առումով Պատրիարքական Աթոռոյ լիազօրն է Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Եկեղեցական հնաւանդ կանոններուն համաձայն, տեղապահի ընտրութեամբ վերջ գտած է ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնի պահանջքը։ Ուստի բնականօրէն վերջ կը գտնէ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։

Եկեղեցական Համագումար Ժողովը, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մէջ կանխուին հաւանական սխալ հասկացողութիւններ, 28 Յունիս 2017 թուականի ժողովին կատարուած քուէարկութեամբ կը հաստատէ, թէ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեան դադրած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի իր պաշտօնէն եւ ընդհանուր փոխանորդի վայելած իրաւասութիւններէն եւ պատասխանատուութիւններէն։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017