ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ՄԱՐԱՆՃԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼՆԵՐԸ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որ կը ներկայացնէր կարեւոր նշանակութիւն։ Այսպէս, բնիկ սամաթիացի Մարանճեան գերդաստանի հանգուցեալ անդամներուն համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Յաւարատ Ս. Պատարագի, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Այս հոգեհանգստեան պաշտօնը կազմակերպուեցաւ ներկայիս ամերիկաբնակ Յարութիւն եւ Անահիտ Մարանճեան ամոլի փափաքին ընդառաջ։ Ոգեկոչուեցան հանգուցեալ Յովհաննէս-Զաքար եւ Վերոնիքա Մարանճեանները եւ իրենց լուսահոգի որդին՝ Լեւոն Մարանճեանը։ Հարկ է նշել, որ Յովհաննէս-Զաքար Մարանճեան անցեալի մէջ եղած էր Սամաթիոյ ընտանիքի տիրական դէմքերէն։ Երկար տարիներ ան վարած էր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի գանձապետի պաշտօնը ու մեծ ծառայութիւններ մատուցած՝ Սամաթիոյ բոլոր հաստատութիւններուն։ 1950-ական թուականներուն Յովհաննէս-Զաքար Մարանճեան ճարտարարուեստի բնագաւառէն ներս ալ արձանագրած էր անանտեսելի վերելք։

Յարութիւն եւ Անահիտ Մարանճեան ամոլը, որ ներկայիս կը բնակի Պոսթոն, ինչպէս նաեւ իրենց հարազատները՝ Փիթըր-Պետրոս, Դանիէլ եւ Քրիստինա-Սօնա փափաքած էին իրենց ծնողաց ու մեծ ծնողաց, նաեւ եղբօր ու հօրեղբօր ոգեկոչումը։ Այդ փափաքը իրականացաւ՝ շնորհիւ Կեդրոնական սանուց Եւրոպայի միութեան վարչութեան նախագահ Տքթ. Վարդան Օզինեանի կազմակերպութեան։ Արդարեւ, Վարդան Օզինեան ներկայիս Փարիզէն կարճ այցելութիւնով մը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ան Յարութիւն Զաքարեանի Կեդրոնական վարժարանի դասընկերներէն մին է։ Ուրեմն, ընդառաջելով իր դասընկերոջ խնդրանքին, Իսթանպուլի մէջ կեցութեան օրերուն ապահոված է այս հոգեհանգստեան պաշտօնին համար կարգադրութիւնները։ Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մասնակցեցան Վարդան Օզինեան եւ իր քոյրը՝ բազմավաստակ կրթական մշակ Մարի Քարաքաշ։ Ներկայ էին նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները՝ հաշուի առնելով ոգեկոչեալներու երախտաշատ ծառայութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017