ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը հետզհետէ կը վերադառնայ իր բնականոն հունը եւ համայնքի օրակարգը կը կեդրոնանայ պատրիարքական ընտրութեան վրայ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցական համագումար ժողովի նիստը։ Այս ժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացի մէջ տեղաշարժ մը ապահովելու տեսանկիւնէն։ Արդարեւ, ընտրութիւնը թիւրիմացութիւններէ զերծ ու երաշխաւորեալ ձեւով կազմակերպելու նպատակով ներկայիս կ՚առնուին հեռատես ու նրբանկատ քայլեր, որոնք յաչս պետութեան ամուր ենթագետին մը պիտի ստեղծեն յառաջիկայ ճակատագրական գործընթացին համար։

Եկեղեցական համագումարը երէկուան ժողովի արդիւնքով վերահաստատեց, թէ Պատրիարքական Աթոռէն ներս այլեւս գոյութիւն չունի ընդհանուր փոխանորդի մը պաշտօնը։ Ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ բանաձեւ մը, որով վերահաստատուեցաւ, որ վերջ գտած են ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի համապատասխան իրաւասութիւններն ու պատասխանատուութիւնները։ Եկեղեցականաց համագումարէն վերջ Գումգաբուի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը յարակից սիւնակին մէջ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ։

15 Մարտ 2017 թուականին Եկեղեցականաց համագումարը ընտրած էր պատրիարքական տեղապահ եւ այսպէսով ինքնաբերաբար վերջ գտած էր ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով տեղապահի ընտրութեան յաջորդած տագնապալի իրադարձութիւնները՝ Եկեղեցականաց համագումարը անհրաժեշտ նկատած է ընդունիլ երէկուան բանաձեւը։ Թէեւ տեղապահի ընտրութիւնով ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը վերջ կը գտնէր ինքնաբերաբար, սակայն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը կը վարէր նաեւ Նախարարաց խորհուրդի որոշմնագրով ճանաչում գտած ըլլալով յաչս պետութեան։ Ուստի, թիւրիմացութիւնները կանխելու համար համագումար ժողովը նախընտրեց ընդունիլ երէկուան բանաձեւը՝ որպէսզի պետական կամ դիւանակալական գետնի վրայ տատամսումները կանխուին։ Երէկ ընդունուած բանաձեւի տրամաբանութիւնը այն է, որ ընդհանուր փոխանորդը պաշտօնի կոչուած էր Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ եւ այդ նոյն մարմինը արդէն վերահաստատած է նոր իրադրութիւնը, տեղապահի մը գործի գլուխ ըլլալը եւ ընդհանուր փոխանորդի մը կարիքին ու գոյութեան վերջ գտնելը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ երէկ ընդունուած բանաձեւը այսօր կը ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան։

Միւս կողմէ, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ Պատրիարքարանի մէջ կը շարունակէ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ ունենալ համայնքային շրջանակներուն հետ։ Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ հետզհետէ կը հասուննան նաեւ նախաձեռնարկ մարմին մը կազմելու ուղղեալ աշխատանքները։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017